ՊՐԱԶԻԼԻԱ.- Պրազիլի նախագահ Տիլմա Ռուսէֆի հրամանագիրով արժանթինահայ մեծահարուստ Էտուարտօ Էռնէեեանի ընկերութիւնը արտօնութիւն ստացած է կառավարելու «Նաթալ» քաղաքացիական օդակայանը։
Էտուարտօ Էռնէկեան մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս գործառնութեան, քանի որ Պրազիլի մէջ 2014ին պիտի կայանայ ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութեան մրցաշարքը։
Էռնէկեանի խօսքերով, պրազիլական շուկայէն ներս մուտք գործելը մեծ մարտահրաւէր է իր ընկերութեան համար, որ աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 48 օդակայաններու կառավարումը կ՛իրականացնէ։
Էռնէկեան 280 միլիոն տոլարով ձեռք բերած է նաեւ Արժանթինի Արդիւնաբերական դրամատունը, բայց այս գործառնութիւնը պէտք է վաւերացուի երկրի Կեդրոնական դրամատան կողմէ։