ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քաղաքական հարցախոյզներու եւ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան հայրենի մասնագէտ մը, տարեվերջին, ինքնավստահութեամբ դիտել կու տար, թէ Հայաստանի 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը այժմէն իսկ նախատեսելի է։
Ահարոն Ադիբեկեանի համաձայն՝ ներկայ իշխանաւոր համախմբումը Ազգային ժողովի յառաջիկայ նորընտիր կազմէն ներս կ՛ունենայ 55 տոկոսի մեծամասնութիւն, Դաշնակցութիւնն ու Ժառանգութիւնը՝ 10ական տոկոս, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները համախմբող Հայ Ազգային Կոնգրեսը կ՛ապահովէ 25 տոկոսի ներկայութիւն…
Հարցը այն չէ, թէ նման մասնագիտական նախատեսութիւն մը արդեօք կ՛իրականանա՞յ, կամ՝ ի՞նչ չափով պիտի համապատասխանէ իրականութեան:
Հարցը այն է, որ Հայաստանի ընտրազանգուածը փաստօրէն հակակշռելի եւ նախատեսելի կը նկատուի «սոցիոլոգ»ներուն կողմէ, որոնք վերջին քանի մը ընտրութեանց առիթով բաւական ճշգրիտ կանխատեսումներ կատարած են արձանագրուած արդիւնքներուն մասին։
Միեւնոյն քաղաքական հարցախոյզներու եւ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեանց գիտական արժեչափով դժուար է հասկնալ ու մանաւանդ հիմնաւոր բացատրութիւն տալ, թէ առանց կայացած կուսակցութիւններու եւ անոնց հիման վրայ ձեւաւորուած քաղաքական կողմնորոշումներու եւ կուսակցական նախասիրութեանց՝ ինչպէ՞ս ընտրազանգուած մը կրնայ կանխատեսելի ըլլալ…
Նոյնիսկ եթէ ընդունինք, որ այս պարագային եւս «մերն ուրիշ է», որ քսանամեայ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը «իւրայատուկ» է ու կը նախընտրէ անհատ գործիչներով առաջնորդուիլ եւ անոնց հասակին համաձայն չափուած-ձեւուած «կուսակցութիւններով» յառաջ ընթանալ՝ դարձեալ դժուար է հասկնալ, ո՛ւր մնաց բացատրել, թէ ինչո՞ւ ամէն ընտրապայքարի նախօրէին անդուլ կը հնչէ… ի վերջոյ «ազատ ու արդար ընտրութիւններ» ապահովելու յանկերգը։
Մանաւանդ որ «ազատ ու արդար ընտրութիւններ» ապահովելու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտեն ոչ միայն ընտրապայքարը կորսնցնողները, այլեւ՝ շահողները։
Իսկ այսօրուան խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցիչները առիթ չեն փախցներ անխոնջ գովազդելու եւ աներկիւղ խոստանալու, թէ 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւնները մրցանիշ պիտի հաստատեն… իրենց «ազատ ու արդար» բնոյթով։
Քանի մը ամիսէն կը տեսնենք, թէ որքանո՛վ ապահովուած պիտի ըլլայ «ազատ ու արդար» բնոյթը՝ ոչ միայն նոյնինքն քուէարկութեանց, այլեւ ամիսներու վրայ երկարող ամբողջ ընտրապայքարին, որ արդէն կը պարզէ ընտրազանգուածը կաշառելու, հակակշիռի տակ բերելու եւ թելադրանքով կողմնորոշելու հակաժողովրդավարական հակումներ։
Այդ զարտուղութեանց անդրադառնալու եւ անհրաժեշտ մերկացումները կատարելու առիթները տակաւին մեր առջեւն են։
Տարեմուտի այս պահուն կարեւորը քննարկման լուսարձակներու կեդրոնացումն է հայրենի ընտրազանգուածին ինքնավստահութիւնը ամրապնդելու օրակարգին վրայ։
Կարեւորը մերկացումն է այն իրողութեան, որ տիրող քաղաքական կառավարման համակարգի ճնշումին հետեւանքով՝ մենք ունինք «հակակշռելի» ու «նախատեսելի» ընտրազանգուած:
Նոյնինքն «ազատ ու արդար ընտրութիւններ»ու բացակայութեան կամ խափանման պայմաններուն մէջ ընտրազանգուած մը կրնայ այս աստիճան «կանխատեսելի» դառնալ։
Աւելի՛ն. թէեւ սահմանադրականօրէն խորհրդարանական ընտրութեանց սեմին ենք, բայց փաստօրէն ու քաղաքականապէս կը մղուի 2013ի նախագահական ընտրապայքարը։ Իսկ երբ հարցը կը վերաբերի մեր երկիրն ու պետականութիւնը մենակալ հիմունքով ղեկավարող բուն ուժին՝ նախագահական հաստատութեան, միայն քաղաքականապէս միամիտներն ու կարճատեսները ի վիճակի չեն անդրադառնալու, թէ «ազատ ու արդար ընտրութիւններ»ը… բացառուած են ըստ ամենայնի։
Վերանկախացեալ Հայաստանի քսանամեայ կենսափորձը վկայ է, որ հայրենի ընտրազանգուածին կամքը ոչ մէկ ընտրութեան ժամանակ յարգուեցաւ եկող ու գացող նախագահական իշխանութեանց կողմէ։ Ի հարկին իշխանութեանց ամբողջ ուժը բրտութեամբ կիրարկելով՝ սեփական ժողովուրդին պարտադրուեցան «ընտրանքներ»։ Մինչեւ իսկ եղբայրասպան արիւն հեղեցաւ…
Այնքան ատեն, որ նախագահական իշխանութեան համար մղուող ընտրապայքարի հունով յառաջ կը մղուի նաեւ այսօրուան խորհրդարանական ընտրապայքարը, դառն հեգնանքէ անդին չեն անցնիր հայրենի ընտրազանգուածին քուէներուն «կանխատեսելի» ըլլալու մասին պնդումները։
Մեր ժողովուրդին համար կարեւորը ստեղծումն ու ամրապնդումն են այն երաշխիքներուն, որոնք յարգանք կը պարտադրեն անոր կամքին ու նախասիրութեանց հանդէպ։
Իշխանաւորի դիրքերու առաւելութեամբ հակակշռուող ընտրապայքարով կարելի չէ ուղի հարթել դէպի ազատ ու արդար ընտրութիւններ։ Կարելի չէ, մանաւա՛նդ, վերականգնել 1988ին պատմական դարձակէտ նուաճած մեր ժողովուրդին ազգային ու հաւաքական ինքնավստահութիւնը, որ ամէն ընտրապայքարի հետ անգամ մը եւս կը խոցուի սպասումներու, յուսախաբութեանց եւ հարցականներու խորապատկերին արձանագրուած ընկրկումներով:
Կրնա՞նք մեր մէջ բաւարար ուժը գտնել, որպէսզի 2012ին շրջենք անիւը եւ խորհրդարանական ընտրութեան տարին ծառայեցնենք մեր ժողովուրդի ինքնավստահութեան վերականգնումին։