ՈՒԵՍԹ ՏԸ ՄՈՅՆ.- Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն ճշդելու արշաւին առաջին հանգրուանի արդիւնքները բաւարար եղան, որ թեկնածուներէն մէկը՝ Միշել Պաքմընը, որոշէ դուրս գալ ընտրապայքարէն:
Արդարեւ, Այօուա նահանգի հանրապետականներու քուէարկութեանց վեցերորդ դիրքը գրաւած Պաքմընը, Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ կը դադրեցնէ իր ընտրապայքարը: Պաքմըն հանրապետական ոչ մէկ այլ թեկնածուի զօրակցութիւն յայտնեց:
Այօուայի արդիւնքներով հանրապետականներու ցանկի բարձրագոյն քուէն ապահովեց Միթ Ռամնին, երկրորդ տեղը գրաւեց Ռիք Սանթորըմ, երրորդ պատուաւոր դիրքը՝ Ռան Փօլ: Նիւթ Կինկրիչ եւ Ռիք Փերի գրաւեցին չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը՝ յաջորդաբար:
Հանրապետականներու նախագահական թեկնածուն ճշդելու ընտրապայքարին յաջորդ փուլը Նիւ Համշըրի ընտրութիւններն են՝ Յունուար 21ին: