
ՓԱՐԻԶ, ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժան Փիեռ Պել Ուրբաթ, Յունուար 13ին յայտարարած է, որ թէեւ ինք շատ համաձայն չէ պատմական նիւթերով օրէնքներու, սակայն Ֆրանսայի ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին:
Ըստ Թուրքիոյ հանրային պատկերասփիւռի կայանին՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահը անհանգստութիւն յայտնած է օրինագիծի վաւերացման նկատմամբ, որովհետեւ այդ քայլը կրնայ վնաս հասցնել թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն:
Ֆրանսայի իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան կողմէ պատրաստուած օրինագիծը կը վայելէ նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Ընկերվարական կուսակցութեան աջակցութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ անոր քննութիւնը սկսի Յունուար 23ին, իսկ քուէարկութիւնը՝ յաջորդ օրը: Ըստ օրինագիծին՝ Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութիւնը ուրացողը 1 տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար եուրօ տուգանքի պիտի ենթարկուի:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի «Կանաչներ» կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակը յայտարարած է, թէ դէմ պիտի քուէարկէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին, որովհետեւ «քաղաքականութիւնը պէտք չէ նման հարցերու խառնուի», միաժամանակ շեշտելով, թէ կուսակցութեան անդամներուն առիթ պիտի տրուի իրենց խղճին համաձայն քուէարկելու: Կուսակցութիւնը նաեւ յայտարարած է, թէ պատմական իրականութիւն կը համարէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ, Ֆրանսայի դէմ սպառնալից յայտարարութիւններուն Ուրբաթ օր իր ձայնը միացուցած է նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու: Ըստ թրքական «Վաթան» թերթին, Քըլըչտարօղլու նամակ գրած է Ֆրանսայի իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան՝ պնդելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ նախատեսող օրէնսդրական այս առաջարկը «կը հակասէ Ֆրանսայի սահմանադրութեան», ու կրկնելով, թէ նման քայլ մը՝ «թշնամական վերաբերմունք» պիտի նկատուի:
Նաեւ, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք դիմած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մերժելու յորդորով:
Չիչեք գրած է. «Պատմութենէն թշնամանք արտահանելու նպատակ ունեցող ձեռնարկները բարձր աստիճանի ցաւալի եւ չարաբաստիկ են: Երկկողմանի յարաբերութիւններուն վնաս հասցնող եւ արտայայտուելու ազատութիւնը պատանդ պահող ձեռնարկները պէտք է կանխուին»: