
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ատրպեճանական «Էյ.Էն.Էս.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ թուրքերն ու ատրպէյճանցիները Հայկական Հարցին դէմ պէտք է միացեալ ճակատ կազմեն:
Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ու հասարակութեան, Ֆրանսայի մէջ վաւերացուած ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին դէմ քայլեր ձեռնարկելու գործով Թուրքիոյ աջակցելուն համար:
«Մենք պէտք է համատեղ աշխատինք նման հարցերու մէջ: Պայքարը չէ աւարտած եւ մենք պէտք է շարունակենք զայն: Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պէտք է ոչ միայն այս, այլ նաեւ անոր կապուած բոլոր հարցերուն մէջ աշխատին համերաշխաբար եւ իրարու աջակցելով», ըսած է Էրտողան: