
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող Տաֆինա Կերչեւա Փետրուար 9ին երախտիքի գիր յանձնեց հայ գործարար Էդուարդօ Էռնեկեանին: Իր ելոյթին մէջ Կերչեւա նշեց, որ Էռնեկեան Հայաստանի անկախութեան 20 տարիներուն ընթացքին իրականացուցած է շարք մը ներդրումային հսկայ ծրագիրներ, եւ այսպիսով երախտագիտութիւն կը յայտնուի անոր՝ իբրեւ Հայաստանի կայունութեան ջատագովի:
«Յարգուած եւ յաջողած գործարարը մեծ ներդրում ունեցած է յատկապէս գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ հետամուտ եղած է Հայաստանի մէջ նոր աշխատատեղիներու բացումին: Անոր վերջին ձեռքբերումներէն է «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման», ըսաւ Կերչեւա:
Գործարար Էռնեկեան իր հերթին նշեց, որ արտերկրի մէջ ծնած հայերուն համար դիւրին է տեսնել այն, ինչի կարիքը ունի Հայաստանը, բայց դժուար է որոշել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգնել, որպէսզի Հայաստանը համալրէ զարգացած ժողովրդավարական երկիրներուն շարքը:
«Մենք կը գործադրենք բոլոր ջանքերը Հայաստանի գիւղական վայրերը զարգացնելու, բարձրագոյն որակի ծառայութիւն ապահովելու նպատակով: Այդ բոլորին թիրախն է երկրին մէջ սփռուած 900 նամակատնային բաժանմունքներուն մէջ 4000 աշխատողներու կողմէ մատուցուող ծառայութիւններուն որակին բարձրացումը», ըսաւ Էռնեկեան: