
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան Փետրուար 8ին անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու գծով նախարար Էկեմեն Պաղըշի կողմէ նախորդ շաբաթ Ցիւրիխի մէջ կատարուած յայտարարութեան՝ նշեց, թէ ոչ միայն Եւրոմիութեան հետ բանակցող նախարարի, այլեւ ընդհանրապէս բարձրաստիճան ոեւէ պաշտօնեայի համար անյարիր է նման փողոցային ոճով խօսակցութիւնը:
«Ասիկա կ՛արտայայտէ ոչ միայն Պաղըշի, այլեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն լկտիութիւնը, եւ լաւ բան չի խոստանար իրենց համար, որովհետեւ պարզ է, որ նման ոճի յայտարարութիւններով իրենք անընդհատ սխալներու մէջ կ՛իյնան», նշեց ան:
Կ. Մանոյեան սակայն յայտնեց, որ Զուիցերիոյ դատախազութիւնը դժուար թէ քրէական գործ յարուցէ Պաղըշի նկատմամբ, քանի որ երկու տարի առաջ Զուիցերիոյ ընդունած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականօրէն պատժելի նկատող օրէնքը, չի տարածուիր դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունեցող անձերու վրայ:
«Վստահ եմ, որ այս պարագային նախարարը դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունի», ըսաւ Մանոյեան:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Պաղըշ Զուիցերիոյ մէջ յայտարարած էր, թէ 1915ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն չեն ու ծաղրական ոճով աւելցուցած՝ «Թող գան ու ձերբակալեն զիս»: