ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔ.– Հրազդանի մէջ նախընտրական գործընթացը կը շարունակէ ծայր աստիճան լարուած մնալ: Մարզի ու քաղաքի պաշտօնեաներու մակարդակով ճնշումները չեն դադրիր: Սասուն Միքայէլեանի կողմնակիցները, որոնք պետական եւ մասնաւոր հիմնարկներու մէջ կ՛աշխատին, դուրս կը դրուին իրենց աշխատանքէն:
Այս բոլորով հանդերձ, մարդիկ մարտականօրէն տրամադրուած են: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, նոյնիսկ իշխանական ուժերը բացայայտօրէն ձայն պիտի ապահովեն Սասուն Միքայէլեանի համար: Իսկ ժողովուրդը յոգնած է ու շատ հաւանական է, որ Հրազդանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն՝ Փետրուար 12ին, ժողովրդական ընդվզում ըլլայ, եթէ գործող քաղաքապետ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Արամ Դանիէլեանը եւ մարզպետ Շահգալդեանը շարունակեն իրենց այս գործելաոճը: