ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Բնապահպան գործիչներ չորրորդ օրն ըլլալով չեն հեռանար Երեւանի կեդրոնը գտնուող Մաշտոցի պուրակէն։ Անոնք կը պայքարին հանրութեան յատկացուած եւ իբրեւ այդպիսին գործած գօտիին մէջ կրպակներու կառուցապատման դէմ:
Այգիին մէջ կայք հաստատած շուրջ 20 բնապահպանները Երեւանի քաղաքապետէն կը պահանջեն վերցնել Աբովեան փողոցի մայթերուն վրայէն այգի փոխադրուած թանկարժէք հագուստի խանութները:
Բնապահպանները արդէն յաջողած են կասեցնել այգիին մէջ ընթացող շինարարութիւնը։ Անոնք նաեւ կը կատարեն ստորագրահաւաք, որուն կը միանան պատահական անցորդները եւ այդ տարածքին մէջ ապրող մարդիկ:
«Շատ կարեւոր է մեր ֆիզիքական ներկայութիւնը այստեղ: Տարբեր միջոցներ ենք փորձել, նամակներ ենք ուղարկել, բայց ոնց որ տիեզերք ուղարկես, ոչինչ յետ չի գալիս,» ըսաւ բնապահպան Մարիամ Սուխուդեան եւ նշեց, թէ «Ժառանգութեան» պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան հեռաձայնած է քաղաքապետին, պայմանաւորուած, որ երեք հոգինոց պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունենայ քաղաքապետին հետ: «Մեր պահանջը մէկն է՝ թող դադարեցնեն շինարարութիւնը եւ այգին վերադարձնեն հանրութեանը: Այնքան հեշտ է այս խնդրին լուծում տալը, շատ թափուր տեղեր կան, չբնակեցուած շէնքեր կան, տարածքներ կան, որոնք կարելի է ուղղակի զբաղեցնել: Ինչո՞ւ հէնց գալ ու կանաչ տարածքի հաշուին անել այդ ամէնը: Այստեղ երեխաներ են խաղում, մարդիկ են զբօսնում, սա նրանց տեղն է», ըսաւ գործիչը։
Բնապահպաններուն կը զօրակցին նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը՝ ՀՅԴ եւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնները:
«Մենք պէտք է փորձենք հասկացնել, որ Երեւանն ընդամէնը մէկ-երկուսի բիզնես շահը չէ, որ քաղաքում աւելի բարձր շահ կայ, քան հինգ-վեց հոգու հարստանալը, խանութը կամ ռեստորանը: Պէտք է փորձենք համոզել քաղաքապետին, որ նրա գործողութիւնները բխեն երեւանցիների շահերից», նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան:
«Ժառանգութիւն»ը, իր հերթին, Երկուշաբթի երեկոյեան յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է՝ պնդելով, որ այգիին մէջ իրականացուող շինարարութեամբ խախտած են «Քաղաքաշինութեան մասին» Հայաստանի օրէնքը:
«Ակնյայտ է, որ Երեւանի Մաշտոցի պողոտային մօտ գտնուող հանրային այգիի տարածքին տեղի ունեցող կառուցապատումը կը փոխէ հանրային այգիին տրամադրուած հողի նպատակային նշանակութիւնը, որ իր հերթին կը յանգեցնէ շրջակայ միջավայրի փոփոխութեան, մինչդեռ շրջակայ միջավայրի նման փոփոխութեան մասին լայն հասարակութիւնը տեղեկացած է ապօրինի շինարարական աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ», ըսուած է կուսակցութեան հաղորդագրութեան մէջ: