
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Պոլսոյ Յունաց տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմիոս կը պատրաստուի Երկուշաբթի, Փետրուար 20ին դիմելու Թուրքիոյ խորհրդարան՝ պահանջելով անկէ յարգել ազգային փոքրամասնութիւններու խախտուած իրաւունքները: Ըստ թրքական «Զաման» թերթին՝ պատրիարքը պիտի պահանջէ ազգային փոքրամասնութիւններուն տեղ յատկացնել պետական դիւանակալական կառոյցներու մէջ:
Այս առաջարկութիւնները պատրիարքը մշակած է երկրի նոր սահմանադրութեան պատրաստութեան ծիրէն ներս:
Ան նաեւ պիտի պահանջէ հնարաւորութիւններ ստեղծել Թուրքիոյ ոչ-իսլամ բնակիչներուն համար, որպէսզի անոնք կարենան դատաւորի, դատախազի եւ այլ ազդեցիկ պաշտօններ ստանձնել:
«Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին՝ յոյները, հայերը, հրեաները եւ ասորիները եւս առաջարկութիւններ պատրաստած են նոր սահմանադրութեան համար», կը գրէ «Զաման»ը՝ աւելցնելով, թէ 1923ին ստորագրուած Լօզանի պայմանագիրով, Թուրքիա պարտաւոր է ազգային փոքրամասնութիւններուն համար ապահովել մայրենի լեզուով կրթութեան հնարաւորութիւններ:
Ըստ թերթին՝ պատրիարքը պիտի պահանջէ թրքական դասագիրքերէն հանել ատելութիւն սերմանող այնպիսի արտայայտութիւններ, ինչպիսիք են՝ «հայերն ու յոյները թուրքերուն կռնակէն կը հարուածէին»: «Պատրիարքին համաձայն՝ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւնները պատճառ կը դառնան ատելութեան յանցագործութիւններու, որոնցմէ մէկն էր «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 2007ի Յունուար 19ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին վրայ տեղակայուած թերթի խմբագրատան դիմաց», կը գրէ թերթը:
Միւս կողմէ՝ ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով պետական նախարար ու աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշի հրաւէրով, Փետրուար 14ին կազմակերպուած էր Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն համար հաւաքոյթ մը, որ «Հասարակական կազմակերպութիւններու հետ երկխօսութիւն» կոչուող յայտագիրներու շարքին հինգերորդն էր։ Այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին փոքրամասնութիւններու համայնքներէն ղեկավար դէմքեր կամ հանրային կեանքէ ներս դերակատարութիւն ունեցող անձեր՝ գլխաւորութեամբ բոլոր համայնքներու կրօնապետներուն։
Հայ համայնքին անունով ելոյթ ունեցած է Պետրոս Շիրինօղլու, որ ըսած է, թէ կը խօսի Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի ու «ՎԱՏԻՓ»ի անունով: Ան ըսած է, որ Մայիս 13, 2010ին վարչապետին ստորագրութեամբ պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած շրջաբերականը ցոյց կու տար, որ կառավարութիւնը որեւէ խտիր չէր դներ հայրենակիցներու միջեւ, եւ «փոքրամասնութիւններուն կը նայէր նոյն հոգածութեամբ»։ Ըստ անոր՝ 2002էն ետք, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շատ դրական գնացքի մը մէջ մտած է։
«Բնաւ կասկած չունինք, որ մնացեալ հարցերն ալ պիտի լուծուին։ Աշխարհի վրայ ապրող ամէն մարդ երկու ինքնութիւն ունի. նախ՝ ազգային ինքնութիւն, ապա՝ մշակութային։ Ես ամբողջ կեանքս Թուրքիոյ կապուած ինքնութիւն մը ունիմ, բայց ունիմ նաեւ հայու ինքնութիւն, մայրենի լեզուս, քրիստոնէական հաւատքս», աւելցուցած է Շիրինօղլու՝ մաղթելով, որ նոր սահմանադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ վերանորոգելի վագըֆներու օրէնքին մէջ, «մեր՝ այսինքն ձեր եղբայրներուն, իրաւունքներն ալ պաշտպանուին ու վերստին ամրապնդուի վստահութեան մթնոլորտը, որ հարիւր տարի առաջ անհետացաւ»։
«Նախապէս մեր հաստատութիւններէն ներս գամ մը անգամ չէինք կրնար գամել, մեր հաստատութիւնները կառավարելու կարգավիճակ չունէինք, միջոցները կը պակսէին, իսկ հիմա իմ նախաձեռնութեամբ երկու եկեղեցի նորոգուեցաւ, երեք եկեղեցի հիմնական նորոգութեան ենթարկուեցաւ։ Դեռ կան հարցեր, որոնք վստահ եմ՝ պիտի լուծուին, բայց ես պիտի խնդրէի, որ քիչ մը արագացնէիք այս գործընթացը, որպէսզի հարցերը աւելի շուտ կարգադրուին։ Մեր դպրոցները հարցեր ունին, նիւթական դժուարութիւններ ունինք… եթէ մեր կալուածները վերադարձուին, օրինակ եթէ մեզի վերադարձուի հիւանդանոցի դիմացի հողամասը, ապա կը հանգստանանք ու նիւթական հարցերը կը լուծենք», եզրակացուցած է ան։
Վերջապէս, չերքեզներու Կովկասեան միութիւններու դաշնակցութիւնը եւ Լազերու մշակութային միութիւնը կազմակերպած են Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան նուիրուած համաժողով մը, որուն աւարտին կոչ եղած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ դէմ յանդիման գալու երկրի պատմութեան հետ: Թրքական «Հապեր 3» լրատուական կայքին համաձայն՝ համաժողովի մասնակիցները կոչ ըրած են Թուրքիոյ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին երկրէն հեռացած փոքրամասնութիւններու ժառանգներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն տան եւ ճանչնան անոնց երկքաղաքացիութեան իրաւունքը: Անոնց կոչին մէջ կը նշուի, որ 1915ին եւ անկէ ետք Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն պարբերական կոտորածներն ու տեղահանութիւնները կրնան «փոխհատուցման պահանջներու հիմք ըլլալ», եւ շեշտած են, թէ կարեւոր է այդ «պատմական իրողութիւններուն հետ առերեսուիլն ու ներողութիւն խնդրելը»:
Համաժողովին մասնակից չերքեզներն ու լազերը նաեւ պահանջած են իրենց մայրենիով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունենալ: