ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսացի ընկերվարական ծերակուտականներ Լիւք Քարուունաս եւ Ֆիլիփ Քալթենպախ իրենց վրդովմունքը յայտնած են Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուի վարքին կապակցութեամբ:
Անոնց կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Մենք անընդունելի կը համարենք Թուրքիոյ դեսպանին փորձերը՝ ազդելու մեր երկրին մէջ ընթացող օրէնսդրական գործընթացներուն վրայ»:
Յիշեցնենք, որ Պուրճուօղլու նամակներ յղած է Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին:
«Մենք ցաւով կը հաստատենք, որ պարոն դեսպանին կոչը լսուած է 77 ծերակուտականներու եւ 65 պատգամաւորներու կողմէ», ընդգծած են ընկերվարական ծերակուտականները՝ պնդելով, որ դեսպանի յորդորներուն ուղեկցած են նաեւ սպառնալիքներ, թէ օրինագիծին ընդունումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու ապագային վրայ:
«Հակառակ Թուրքիոյ դեսպանի այս փորձերուն, մենք անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ կը շարունակենք աջակցիլ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին», գրած են անոնք՝ յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը օրինագիծը սահմանադրական կը նկատէ: