ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան «Հարփըրզ» ամսաթերթի Փետրուարի թիւին մէջ, Պերի Լինի ստորագրութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան մէջ մենատիրութիւններ հաստատելու սանձարձակ արշաւին նուիրուած յօդուածէն քաղուած քանի մը հետաքրքրական տուեալներ կը ներկայացնենք ստորեւ.
– Մինչ 1978ին Միացեալ Նահանգներու մէջ գարեջուրի արտադրութեամբ կը զբաղէին 43 ընկերութիւններ, անոնցմէ ամենամեծերը իրենց տիրապետութեան տակ կը պահէին շուկային միայն քառորդը: Ներկայիս, հակառակ այն իրողութեան, որ մօտաւորապէս 1750 ընկերութիւններ (մեծ մասը՝ շատ փոքր) գարեջուր կ՛արտադրեն, Միացեալ Նահանգներու գարեջուրի շուկային 90 տոկոսը կը գտնուի «Միլլըր Քուրզ» եւ «Էնհայզըր-Պուշ ԻնՊեւ» հսկայ ընկերութեանց հակակշիռին տակ:
– 1980ական թուականներուն, Նիւ Եորքի Մենհեթըն շրջանին մէջ կեդրոնացած ամերիկեան ծանուցումներու մարզը կը գտնուէր 12 մեծ ընկերութեանց եւ քանի մը միջին ու փոքր ծաւալի ընկերութիւններու հակակշիռին տակ, սակայն վերջին 30 տարիներու ընթացքին, այդ մարզին մէջ գրեթէ մենատիրութիւն հաստատած են միայն չորս հսկայ ընկերութիւններ:
– 1970ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու տարածքին գիրք ծախող չորս մեծագոյն ընկերութեանց խանութները շուկային 10 տոկոսը կը պահէին իրենց հակակշիռին տակ, սակայն ներկայիս միայն «Ամազոն» ընկերութիւնը պատասխանատու է գիրքի ընդահանուր վաճառքի 20 տոկոսին: Գիրքերու համացանցային վաճառքներու պարագային՝ այդ համեմատութիւնը 75 տոկոսի մօտ է: «Ամազոն»ը նաեւ կը ծախէ թուայնացուած գիրքերուն մօտաւորապէս 75 տոկոսը: