Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինուած թեւի ղեկավար Մուրատ Քարայըլա յայտարարեց, որ թուրք զինուորներու հետ Փետրուար 9ին տեղի ունեցած քիւրտ յեղափոխականներու բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 43 թուրք զինուորներ եւ չորս քիւրտեր: «Թուրքիա հանրութենէն կը պահէ իր սպաննուած զինուորներուն իսկական թիւը», ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ բախումները տեղի ունեցած են Թուրքիոյ մէջ, Իրաքի սահմանակից շրջան մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.