«Դիվերսիֆիկացուած սերժամէտութիւն»ը, «գեներալական առնէտավազք»ը եւ…
«նոր խորհրդարանում քաղաքական նոր յարաբերակցութիւն ստեղծելու» հեռանկարը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նախընտրական պայքարի մթնոլորտ կը տիրէ հայրենի կողմն հայաշխարհի։ Ներ–քաղաքական զարգացումներու սլաքը կեդրոնացած է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց վրայ, որոնց

արդիւնքէն շատ բան կախեալ է՝ ոչ միայն գալ տարուան նախագահական ընտրապայքարին, այլեւ՝ ընդհաaնրապէս մեր երկրի կառավարման հետագայ վարքագծին ու արտաքին քաղաքականութեան առումներով։
Երեւութապէս այնքան ալ բուռն ու շիկացած չի թուիր ըլլալ, սակայն, նախընտրական խմորումներու եւ մրցապայքարի դիրքերու յստակացման ներկայ հանգրուանը։ 2008ի ընտրութեանց գեր–լարուած եւ ծայր աստիճան թշնամական բեւեռացումը արդէն չկայ։ Արմատական հակադրութիւնները անկասկած կը շարունակուին, բայց այլեւս չունին առճակատման հնչեղութիւն։ Աւելի՛ն. տիրական է մրցապայքարի քաղաքակիրթ ոճ կիրարկելու ընդհանուր համախոհութիւն մը։
Այսուհանդերձ՝ արտաքին այդ բնականոն մթնոլորտը յայտնապէս վերահսկուած է։ Իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր՝ բոլորն ալ կը գիտակցին, որ այս անգամ յաւելեալ ճնշումի տակ են՝ յարգելու ժողովրդավարական ընտրապայքարի խաղականոնները՝ թէկուզ երեւութապէս։ Փաստօրէն, մեր երկրի կառավարման ղեկին յաւակնորդ «գլխաւոր» ուժերը ամէն պատճառ կը տեսնեն, որպէսզի մեր ժողովուրդին քուէէն առաջ արժանանան… մեծապետական աշխարհի բարի վարուց վկայագրին…
Միջազգային հանրութեան «օրհնութիւն»ը անկասկած անհրաժեշտ է, հիմնակա՛ն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ազգային–քաղաքական կենսական իրաւունքներու ձեռքբերման ու ամրագրման առաջնահերթութեամբ առաջնորդուող մեր երկրին ու ժողովուրդին՝ պետականութեան համար։ Պատերազմը բացառելու, Արցախի ազատագրութեան իրաւական ճանաչումը ապահովելու եւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը պետականօրէն յառաջ մղելու ճակատներուն վրայ, Հայաստանն ու հայութիւնը կենարար լոյսի եւ ջուրի պէս կարիքը ունին իրաւունքի եւ արդարութեան՝ ժողովրդավարակա՛ն արժէքներու արմատաւորումին ու ջրդեղումին։ Այդ իմաստով ալ, քաղաքական ամէն քայլ իշխանութեան աթոռակռուի հաշուարկով նետող ուժերու կողքին, այլեւ՝ ընդդէմ անոնց, Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքին մէջ նկատելի է աշխուժացումը հերթական ընտրապայքարը ժողովրդավարական հունով յառաջ մղելու նախանձախնդրութեամբ, համապատասխա՛ն ազգային–գաղափարական յանձնառութեամբ գործող ուժերուն։
Պա՛րզ է. Հայաստանն ու հայութիւնը կրկնակիօրէն կարիքը ունին ազատ եւ արդար ընտրապայքարի կայացումին։ Առաջին հերթին՝ ազգային–քաղաքական հարազատ իշխանութեան ձեւաւորման համար, առանց որուն հաւաքական մեր կամքն ու ուժը առաւելագոյնս լարելու եւ արդիւնաւորելու երաշխիք չկայ։ Երկրորդ՝ միջազգային հարթութեան վրայ ժողովրդավար երկրի ու պետականութեան մեր վարկանիշի ամրապնդման համար, որպէսզի իրաւունքի եւ արդարութեան մեր ձայնը ամէնէն ազդու հնչեղութեամբ լսելի դառնայ քաղաքական աշխարհը ղեկավարող ուժերուն։
Այս առումով է, ահա՛, որ նախընտրական ներկայ փուլի երեւութական «հանդարտութեան» տակ խմորուող հակաժողովրդավարական քայլերն ու խռովութեան կայծերու հրահրումները չեն կրնար անտարբեր ձգել վաղուան Հայաստանի հզօրացման նպատակին հաւատարմագրուած կամքերը։
Մտահոգիչ ազդանշան է, օրինակ, որ իշխանաւոր մեծամասնութիւնը խորհրդարանական լսումներ կազմակերպեց լրիւ համամասնական ընտրակարգի անցնելու օրակարգով՝ պարզապէս տպաւորութիւն ստեղծելու համար, որ տեսէք՝ ժողովրդավարական խաղականոնը մենք կը յարգենք եւ տարակարծիք ձայներու արտայայտութեան բեմ կու տանք… Բայց ի՞նչ ընելու համար։ Իշխանաւոր մեծամասնութեան բանբերները համոզիչ հիմնաւորումներ չտուին յօգուտ մեծամասնական ընտրակարգի անհրաժեշտութեան։ Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք ձայնակցեցան լրիւ համամասնական ընտրակարգի անցնելու տեսակէտին, բայց ներկայ պահը «աննպատակայարմար» նկատեցին։
Այսինքն՝ առանց համոզիչ հիմնաւորումի, սոսկ քուէի ուժով իշխանաւոր մեծամասնութիւնը որոշած է մերժել մեծամասնական ընտրակարգի ջնջման առաջադրանքը։
Աւելիով մտահոգիչ ու ահազանգային է հանրապետութեան նախագահի դիրքին անխնայ չարաշահումը նախընտրական մրցապայքարը «սերժամէտութեան» հուն մտցնելու եւ հակակշռի տակ առնելու համար։
Քաղաքական մեր բառապաշարին մաս չի կազմեր «սերժամէտութիւն» յղացքը, ոչ ալ մանաւանդ անոր ածանցեալ մտայղացումը՝ «դիվերսիֆիկացուած սերժամէտութիւն»ը։ Բայց հայրենի հրապարակագրին կամ մեկնաբանին ձուլած լեզուամտածողութեան այդ կաղապարը դիպուկ է, որովհետեւ այս անգամ եւս նախընտրական փուլը կը յատկանշուի բացայայտ եւ քողարկուած «առնէտավազքով» ու «ճամբարափոխութեան մրցավազք»ով, ուր հանրապետութեան նախագահը անձնապէս նետուած է ասպարէզ եւ քաղաքական գործիչներ «գնելու» եւ «ծախելու», շնորհազրկելու կամ սիրաշահելու քաղաքական ձկնորսութեան լծուած է բացայայտօրէն։ Եթէ մամլոյ հրապարակումները հիմք ունին եւ ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի եղբայրներուն՝ Արամ ու Արմէն Սարգսեաններու վերագրուած «սերժամէտութիւն»ը փաստացի իրողութիւն է, դժուար չէ պատկերացնել, թէ աթոռակռուի ցեցը որքան խոր թափանցած է հայ քաղաքական մտքի բջիջներուն մէջ։
Իսկ օրեր առաջ, «Գեներալ Մանուէլ»ին եւ անոր «Երկրապահներուն» ողջունելու համար հանրապետութեան նախագահին հանդիսաւորապէս արտասանած «Տղերք, բարով տեսանք»ը բաժակը յորդեցնող կաթիլը եղաւ։ Նախընտրական այս փուլի ժողովրդավարական նախապատրաստումին հետ ի՜նչ կապ ունի «Երկրապահ Կամաւորականներու» զօրակցութեան պաշտօնական ու հրապարակային ամրագրումը ի նպաստ իշխող նախագահին եւ անոր ճամբարին։
Անտեղի չէ, հետեւաբար, նոյնիսկ աւելի քան հասկնալի է երէկ, մամուլի էջերուն, հայրենի մտաւորականներու եւ ակադամեականներու ստորագրութեամբ հրապարակուած կոչը, որ մեր ժողովուրդը կը հրաւիրէ տէր կանգնելու ազատ եւ իրա՛ւ ընտրութիւն կատարելու, խիղճն ու քուէն վաճառքի չհանելու քաղաքացիական սրբազան իրաւունքին (տե՛ս էջ 12)։
Վաստակաշատ մտաւորականներն ու ակադեմականները իրաւացիօրէն կը վստահեցնեն ընտրազանգուածին, թէ պէտք չէ զոհ երթալ քաղաքական այն ճնշումներուն, որոնք օր ու գիշեր կը սպառնան, որ՝ «իբր «վերեւներից» ամէն ինչ կանխորոշել են եւ ոչինչ փոխել հնարաւոր չէ»…
Ոչ միայն հնարաւոր է բան փոխել, այլեւ հնարաւոր է ի վերջոյ փոխել իշխանութեան դիրքերէ «վերարտադրուելու» այն արատաւոր «մշակոյ»չը, որուն ծոցը պատանդ յայտնուած է իր անկախութիւնը վերականգնած հայ ժողովուրդը։
Աւելի՛ն. ինչպէս որ ՀՀ նախորդ արտաքին գործոց նախարարը օրեր առաջ կը յայտարարէր՝ աւելի քան հնարաւոր է, նոյնիսկ հասունցած է պահը Հայաստանի «նոր խորհրդարանում քաղաքական նոր յարաբերակցութեան ստեղծումին»։