
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջերս հիմնուած է Իսմայիլ Պեշիքճիի անուան վագըֆը, որուն ծանօթացման առաջին հաւաքը կատարուեցաւ Շուէտի մէջ, իսկ Երկուշաբթի, Փետրուար 20ին, Թուրքիոյ մէջ եւս կատարուեցաւ նման հաւաք մը։ Ներկայ էր նաեւ Պեշիքճի, որ քրտական հարցի ու մարդկային իրաւունքներու նուիրուած, սակայն՝ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած եւ բանտարկութեան դատապարտուած անձ մըն է։
Վագըֆը պիտի ունենայ Պեշիքճիի գրադարանին տասնեակ հազարաւոր գիրքերը, որոնք պիտի տրամադրուին ուսումնասէր մտաւորականներուն։ Ծանօթացման ժողովի ընթացքին բազմաթիւ ատենախօսներ խօսեցան վագըֆին ծրագիրներուն, Պեշիքճիի անձին ու կատարած գործին մասին։ Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ իրեն։ Պեշիքճի ըսաւ, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջաններուն իթթիհատականները ուզեցին ստեղծել թրքական կայսրութիւն մը եւ նպատակ ունէին նաեւ ստեղծել մէկ լեզուի, մէկ կրօնքի ու մէկ ցեղի վրայ հիմնուած հաւաքականութիւն մը: Այս պատճառով ալ իրականացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յոյներն ու միւս փոքրամասնութիւնները աքսորի ենթարկուած են։ «Այս պարտադիր գաղթերն են, որոնք հիմը կազմեցին Թուրքիոյ այսօրուան քաղքենիութեան. այս քաղքենիութիւնը հիմնուած է հայերէ եւ միւս ժողովուրդներէն բռնագրաւուած ինչքերուն ու հարստութիւններուն վրայ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ նշեալ ոճիրներուն վնասուց հատուցումները պէտք է այդ ոճիրներով հարստացած քաղքենիութիւնը վճարէ: Պեշիքճի աւելցուց, որ այսօրուան քրտական հարցին մասին ալ կարելի չէ մտածել առանց ընդունելու, որ անոր խորքին մէջ եւս Ցեղասպանութիւնն ու աքսորները կան։ Պեշիքճի 17 տարի բանտարկուած է, ու անոր դէմ արձակուած են 100 տարիէ աւելի բանտարկութեան ու շուրջ 10 միլիառ լիրայի տուգանքի վճիռներ։ Անոր գրած 36 գիրքերէն 32ը արգիլուած են Թուրքիոյ մէջ։