Ընկերային, Քաղաքական, Մշակութային Ձեռնարկներ
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Զուտ ազգային քաղաքական առումով, 15րդ նաւապտոյտը բացառութիւն չէր կազմեր իր քիչ մը խճողուած, բազմերանգ յայտագիրներով, ու նախորդ տարիներուն նման կը յատկանշուէր անակնկալ, բացառիկ հանդիպումներով:
Վերջին երկու տարիներու ակամայ մեր բացակայութենէն ետք, մօտիկ հարազատներու պէս կարօտցեր էինք այն հաւատարիմ նաւագնացներուն, որոնք կրօնական ուխտագնացութեան նման, տարեկան ծովային հանդիպումը՝ անակնկալ հանդիպումներով լեցուն գեղեցիկ փորձառութեան կը վերածէին։
Արդարեւ, մեզի համար հաճելի անակնկալ մը հանդիսացաւ UCLA համալսարանի դասախօս, պատմաբան Ռուբինայի ու ամուսնոյն՝ Նշան Փիրումեանի, քալիֆորնիահայ գաղութի նահապետ Յակոբ Շիրվանեանի ու կնոջ՝ Մինայի, նաեւ անոնց դստեր, յայտնի դաստիարակ դոկտ. Ալիս Պետրոսեանի ու անոր համակրելի ամուսնոյն՝ Վահիկի, ներկայութիւնը նաւուն վրայ։ Իսկ Հայաստանէն ի վեր գալով՝ նաւապտոյտին միացած էին յայտնի գործարար, Meterix Ltd-ի սեփականատէր Միքայէլ Յակոբեան եւ անոր համակրելի կինը՝ Նարինէն, որոնք նաւապտոյտի ատենապետ Պետրոս Պանտազեանի սեղանակցութիւնը կը վայելէին։
Մեզի համար գեղեցիկ ու յուզիչ անակնկալ մըն էր նաեւ Հայ Դատի քաղաքական խորհուրդի ատենապետ Քէն Խաչիկեանի մասնակցութիւնը այս տարուան նաւապտոյտին։ Ներկայութիւն մը, որ նոր իմաստ ու կշիռք կու տար համահայկական բնոյթ ու տարողութիւն ստացած ծովային սոյն պտոյտին։ Այդ քանի մը կարճ հանդիպումներու տպաւորութենէն մեկնած՝ Քէն Խաչիկեանի մէջ գտանք այն համակրելի, սրտամօտ անձնաւորութիւնն ու գործիչը, իմ հանդիպած հազուագիւտ հայ ղեկավարներէն մէկը, որ պարասրահի բեմահարթակին վրայ ինքզինք հանգիստ ու հարազատ կը զգար…։ Քէն Խաչիկեան, Հայ Դատին վերաբերող Կլոր սեղանին մասնակցելու կողքին, առանձին դասախօսութիւն մըն ալ տուաւ æաւախքի հայութեան մասին։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ անոր բեմադրիչ մանչուն նկարահանած՝ ցեղասպանութեան թեմայով «Ամասիա» կոչուող վաւերագրական ցնցիչ ժապաւէնը։
Եղան նաեւ reunion կամ՝ հին դասընկերներու ու միութենական անդամներու վերամիացման ձգտող հաւաքոյթներ՝ մեծ ու փոքր խմբակներու, որոնց մէջ պիտի առանձնացնենք գէթ մեր յայտնաբերածները՝ Պէյրութի ճեմարանականները, որոնց շարքին՝ մեզի հոգեհարազատ Հրաչ եւ Սեդա Սիմոնեանները՝ իրենց ընկերներով, Այնճարի որբանոցի ուսուցչուհիներ՝ Գանատայէն եւ Քալիֆորնիայէն, ինչպէս նաեւ «Վարդանանց ասպետներ»ը:
Թէյասեղաններ ու հրապարակային հանդիպումներ ունեցան նաեւ Հայ Դատի եւ ՀՕՄի կեդրոնական յանձնախումբերը:
Այս տարուան ձեռնարկ-պտոյտը կը կատարուէր նաւային նոր ընկերութեան մը հետ՝ MSC Cruise Line POESIA, եւ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու՝ Costa Mediterranean-ը դադրեցուցած էր մեծաթիւ նաւագնացներով իրագործուող իր ծովային շրջապտոյտները։
Անկեղծ ըսած՝ հիմնուելով ժողովրդային լայն խաւերու կարծիքին վրայ՝ «Փոեզիա» նաւը, անկախ քնարերգական իր անունէն՝ աւելի կոկիկ էր, կերակուրները՝ առաջնակարգ ու համեղ, իսկ սպասարկութիւնը՝ անթերի ու աւելի արագ։ Սակայն չունէր միւսներուն բարձր առաստաղն ու օդաւէտութիւնը:
Նախորդ նաւագնացութեանց, արդէն «ռութին» դարձած բոլորիս սիրելի հայկական ձեռնարկները նոյն բծախնդրութեամբ տեղի ունեցան, ու ներկաները, յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը, խելայեղ պարերով հանդէս եկաւ՝ ողողելով բեմահարթակը. մինչեւ առաւօտեան ժամերը անիկա կը շարունակէր զուարճանալ սրահներու մէջ ու կամրջակին վրայ։ Իրողութիւն մը, որ նաւու անձնակազմէն երիտասարդ գեղուհիի մը ըսել տուաւ.
– Հայերդ, այս ի՞նչ խանդավառ ու «էներկիա»ով առլցուն հաւաքականութիւն էք…
Վերջին քանի մը տարիներուն գրուած յօդուածներով, Պարպըրա Յարութիւնեան՝ անգլերէնով, ու սոյն գրողս՝ բնականաբար հայերէնով, խոր վերլուծութեան ենթարկած էին նաւագնացութեան հետ առնչուող ամէն երեւոյթ։ Գրեթէ ամէն բան ըսուած է լոկ զուարճութեան ու հաճելի պահերու փնտռտուքով կատարուող նաւապտոյտներու սահմանէն վաղուց դուրս եկած ու համահայկական ընկերային եւ մշակութային եօթնօրեայ փառատօնի հնչեղութիւն ստացած Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ կատարուող տարեկան սոյն ձեռնարկին մասին։
Այս տարի եւս, հանրայայտ, սիրուած երգիչներ Սթիւ Իսկէնտէրեան եւ Գէորգ Արթինեան՝ Գանատայէն, ու հանճարեղ կատակերգակ Քէւ Օրգեան, արհեստավարժի բարձրորակ կատարողութեամբ գրեթէ ամէն երեկոյ զուարճացուցին հարիւրաւոր հայ հանդիսականներ։ Հարկ կը տեսնենք աւելցնել, թէ կարգ մը ճարպիկ հայրենակիցներ, հայ մարդու անվայել հաշուարկներով քանի մը ծակ տոլարներ խնայելու սիրոյն, հայկականէն տարբեր աղբիւրէ կը գնեն իրենց տոմսերը, հանդիսութիւններու տաք շրջանին գալու, սողոսկելու համար AHC-ի ձեռնակներէն ներս, որոնց կազմակերպումը ԱՀՄՄին համար ահագին ծախսալից է:
Անդրադառնալով հայ երգիչներուն եւ նուագախումբերուն կատարողութեան ու արուեստին՝ մեզմէ շատերը արդէն իսկ ծանօթ էին նախորդ նաւապտոյտներէն Սթիւ Իսկէնտէրեանի արուեստին, սակայն ներկայ հայ հիւրերը բոլորովին անակնկալի եկան՝ լսելով երիտասարդ երգիչ Գէորգ Արթինեանը, որուն ձայնը աշուղական ինչ մը ունէր՝ ջերմութիւն մը, որ կ՛առինքնէր իրմով հմայուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներն ու երկրորդ երիտասարդութիւն ապրողները:
Արդարեւ, Շաբաթ օրը, համեղ ու ճոխ ընթրիքէ մը ետք հազիւ տեղաւորուած «Քարլօ Ֆելիչի» հսկայ հանդիսասրահը, հայ նաւագնացները բարեգալուստի ճոխ ընդունելութիւն մը վայելեցին։ Հանդիսավարներն էին Շաքէ Պարսամեան եւ Մարիա Դաւիթեան։ Ելոյթ ունեցան նաեւ հիւր երգիչները եւ Գանատայի «Անի» պարախումբի կրակ ու բոց երիտասարդ անդամները:
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի օրուան Ս. պատարագէն ետք, մեկնարկը տրուեցաւ Նարտիի եւ Պըլոթի մրցաշարքերուն:
Յետմիջօրէին՝ Կլոր սեղան՝ «Թուրքիայէն հայկական հողային պահանջատիրութիւնն ու հատուցումը իրագործելի ե՞ն: Եթէ այո՝ ինչպիսի՞ պահանջներ առարկայական կը գտնէք…» թեմային շուրջ, որ Հայ Դատի ծիրէն ներս, 15րդ նաւապտոյտին ամէնէն լուրջ ձեռնարկը կարելի էր համարել։ Մասնակցողներն էին դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, Քէն Խաչիկեան, Աբօ Չափարեան՝ համադրող, դոկտ. Արա Երէցեան եւ Պօղոս Գուբելեան:
Տեղի ունեցան նաեւ զոյգ մը գիրքերու գինեձօն ու ներկայացում, ինչպէս նաեւ Արցախի ու Հայ Դատի նուիրուած դասախօսութիւններ:
ա.- Տոքթ. Պերճ Մինասեանի «Նախընտրութեան Ուժը» գիրքին ներկայացումը.
բ.- Նոյն գիշերը շամփանիայով ընդունելութիւն՝ երկսեռ ամուրիներուն, ապա հայկական պարահանդէս՝ երգիչ Գէորգ Արթինեանի կատարողութեամբ, եւ Քէւ Օրգեանի ծիծաղի երեկոն.
գ.- Ամէն առաւօտ հայկական պարի եւ հայերէն լեզուի դասընթացքներ.
դ.- 15րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն։ Շամփանիայի ու «քոքթէյլ»ի հիւրասիրութիւն.
ե.- Հայկական ֆիլմի ցուցադրութիւն՝ «Ճամբորդութիւն դէպի Ամասիա», որուն երաժշտութիւնն ալ յօրինած է երիտասարդ Էրիք Խաչիկեանը.
զ.- Թէյասեղան՝ «Վարդանանց ասպետներ»ու, նաեւ ներկայացում.
է.- Թէյասեղան՝ Ճեմարանականներու.
ը.- Թէյասեղան-հանդիպում՝ ՀՕՄի անդամուհիներու.
թ.- Դասախօսութիւն, ներկայացում՝ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, նիւթ՝ «Նոր մօտեցումներ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման».
ժ.- Եռագոյն հագուստներու մրցոյթ՝ լողաւազանի շուրջ.
ի.- Դատաւոր Արմանտ Արապեանի From Gravel to Gavel նոր հատորին ներկայացումը.
լ.- Դասախօսութիւն Հայ Դատի թեմայով՝ Աբօ Չափարեան։
Ամէն գիշեր՝ երգահանդէս, պարահանդէս, կատակերգութիւն ու կերուխում։ Եւ այսպէս շարունակաբար… եօթը օր ու գիշեր: