ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Փետրուար 29ին սկսած է պատրաստելու Հայոց Ցaեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը. այս մասին հաղորդեց արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ յիշեցնելով, թէ այդ մասին նախարարութիւնը հրահանգ ստացած է նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն: Ան աւելցուց, թէ նախարարութեան մասնագէտները նոր օրինագիծը պիտի համապատասխանեցնեն ֆրանսական, եւրոպական եւ միջազգային բոլոր անհրաժեշտ չափանիշերուն:
Միւս կողմէ՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ ֆրանսահայերը հիասթափութիւն ապրած են Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն՝ պնդելով, թէ որոշումը հիմնուած է ոչ թէ իրաւական, այլ քաղաքական նպատակներու վրայ: «Այս որոշումով, Սահմանադրական խորհուրդը փաստօրէն կ՛ընդունի, որ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած երկու ցեղասպանութիւնները անհաւասար են, մինչդեռ Վալերի Պուայէի հեղինակած օրինագիծը պէտք է ներդաշնակեցնէր այդ անհաւասարութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Անդրադառնալով օրինագիծին եւ խօսքի ազատութեան հակասութիւններու մասին խօսակցութիւններուն՝ ֆրանսահայերը կը պնդեն, թէ արտայայտութեան ազատութիւնը պէտք է սահմանափակուի, երբ կը վիրաւորէ այլ ազգ կամ առհասարակ ոեւէ անհատ:
«Սահմանադրական խորհուրդը նահանջեց թրքական լոպիական գործունէութեան առջեւ, ինչ որ անընդունելի է եւ կասկածի տակ կը դնէ մեր հանրապետութեան հիմնարկներուն անկախութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսահայերը նաեւ կասկածի տակ կը դնեն Սահմանադրական խորհուրդի որոշ անդամներուն անկողմնակալութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ըսուեցաւ, թէ նախագահ Սարքոզի հանդիպում մը պիտի ունենայ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։
Իր կարգին, Վալերի Պուայէ քննադատեց Սահմանադրական խորհուրդին վճիռը՝ ըսելով. «Խորհուրդը երկու ցեղասպանութիւններու առնչութեամբ տարբեր դիրքորոշում արտայայտեց։ Հրեաներու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնները նոյն նժարի վրայ չդրուեցան։ Շատ կը ցաւիմ այդ կապակցութեամբ, սակայն վճռական եմ, եւ կառավարութեան հետ նոր օրինագիծի առնչութեամբ քննարկումներ պէտք է կատարենք։ Կը կարծեմ, որ եթէ Ցեղասպանութիւնը օրէնքով ճանչցուած է, ապա զայն ժխտողները պէտք է պատժուին։ Ասիկա կը բխի արդարութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւանց պահանջներէն»։
Իշխող կուսակցութենէն ֆրանսահայ երեսփոխան Փաթրիք Տեւեճեան յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը նման թերի որոշում տալով՝ ուրացումը կը դարձնէ սովորական կարծիք: «Օտար պետութեան մը կողմէ ժխտողականութեան քարոզչութիւնը եւ ֆրանսահայ քաղաքացիները վիրաւորելը այսուհետեւ թոյլատրելի կը դառնայ երկրի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ», ըսաւ ան:
Խորհուրդի վճիռին անդրադարձաւ նաեւ ծերակուտական Նաթալի Կուլէ՝ նշելով, որ շատ ուրախ է այդ որոշումին կապակցութեամբ. «Ես մեր թուրք եւ ատրպէյճանցի բարեկամներուն ըսած էի, որ Ֆրանսայի ժողովրդավարութեան վստահին։ Ասիկա Սարքոզիի պարտութիւնն է, որովհետեւ ան փորձեց նախքան ընտրութիւնները՝ հայկական դէպքերը օգտագործել», յայտարարած է Կուլէ։
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ ըսաւ, որ մինչ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կոչուած էր հաշտեցնելու Ֆրանսայի հայ եւ թուրք համայնքները, ինք կը կարծէ, թէ օրինագիծը սխալ պահու ներկայացուեցաւ: Ան ցաւ յայտնեց Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին համար եւ աւելցուց. «Ցաւալի է նաեւ, որ թրքական համայնքը այս օրինագիծը ընկալեց նման թշնամութեամբ»: Նախագահի թեկնածուն նաեւ նշեց, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, եթէ նոր օրինագիծին շուրջ քննարկումները սկսին Մայիս 6ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Սարքոզին զգուշացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող մէկ այլ օրինագիծի մը որդեգրումէն։ «Սարքոզի արդէն իր բախտը չափազանցուած ձեւով փորձած է եւ եթէ այդ մէկը անգամ մը եւս փորձէ, ապա ֆրանսական մշակոյթին եւ ֆրանսական օրէնքի իշխանութեան դէմ պատերազմ մը սկսած պիտի ըլլայ։ Սահմանադրական խորհուրդին նման բարձրագոյն մակարդակի իշխանութեան մը վճիռը վիճարկելը՝ իրեն համար շատ ցաւալի պիտի ըլլայ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «հարկ է յանուն (Հայաստանի հետ) մեր հասարակաց պատմութեան՝ կամուրջները բաց ձգել։ Մեր հասարակաց պատմութիւնը պէտք չէ այս կամ այն ղեկավարի քաղաքական փառամոլութեանց ի սպաս զոհաբերուի»։
Տաւութօղլու բնականաբար ողջունեց Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը։ Ան յայտարարեց, թէ «որոշումը կը համապատասխանէ Ֆրանսայի սահմանադրութեամբ ամրագրուած մարդկային իրաւանց հասկացողութեան եւ եւրոպական արժէքներուն, զորս մենք բոլորս կը պաշտպանենք»։
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլեթ Արընչ, իր կարգին նշեց, որ այս որոշումով՝ խորհուրդը «իրաւունքի դաս մը տուաւ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն»։
Թուրքիոյ մամուլի ներկայացուցիչներ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումի հրապարակումէն անմիջապէս ետք զրոյցներ ունեցան ֆրանսացի բազմաթիւ երեսփոխաններու կամ ծերակուտականներու հետ՝ ընտրելով մանաւանդ այն քաղաքագէտները, որոնք արդէն դէմ էին այս օրէնքին։
Նախագահութեան թեկնածու Ֆրանսուա Պայրու, ակնարկելով նոր օրէնք մը եւս պատրաստելու կապակցութեամբ Սարքոզիի տուած հրահանգին՝ «յամառ գլուխ» որակեց Սարքոզին։ Իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան Սթրազպուրկի երեսփոխան Ժան Ֆիլիփ Մորեր ըսաւ, որ այս օրէնքը լեցուն էր հակասահմանադրական այնքա՛ն շատ տուեալներով, որ խորհուրդը զայն ուսումնասիրելու պահանջքն իսկ չզգաց, իսկ հիմա եթէ կառավարութիւնը երկրորդ օրէնք մը պատրաստէ ու այդ օրէնքը դարձեալ ընդունուի խորհրդարանին կողմէ, ապա վստահաբար դատարանը կը մերժէ զայն վաւերացնել։
Բազմաթիւ երեսփոխաններ նաեւ դիտել կու տան, որ նոյնիսկ եթէ նոր օրինագիծ մը պատրաստուի, հաւանական չէ, որ անիկա օրակարգի բերուի, որովհետեւ խորհրդարանը ընտրութիւններուն պատճառով արձակուրդի պիտի մեկնի Մարտ 7ին։