«Քուէն ուժ է» շարժումը 16 Մարտին սկսաւ Հայաստանի ամբողջ տարածքին ընտրական իրաւունքի պաշտպանութեան միտող աշխատանքներու։
Շարժումը կը նախատեսէ պայմանագիրներ կնքել քաղաքացիներուն հետ, որոնք՝ իբրեւ կամաւորներ, պիտի հետեւին ընտրութիւններու ազատ եւ արդար կայացման։
Սակայն Երեւանի մէջ մեթրոյի «Երիտասարդական» կայարանի, «Ռոսիա» կինօթատրոնի մօտակայքը ոստիկանները փորձած են խոչընդոտել շարժման աշխատանքները։