
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Մարտ 20ին, Թուրքիոյ արեւելեան զանազան նահանգներու մէջ ժողովուրդին ու ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան, Նովրուզի տօնակատարութեանց դէմ դրուած պետական արգելքներուն հետեւանքով։
Պաթմանի մէջ, ոստիկան մը բռունցքի հարուածով մը վիրաւորեց քիւրտ երեսփոխան Ահմետ Թիւրքը, որ կը մասնակցէր քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած տօնակատարութեան։
Թիւրք, որ արդէն սրտի հարցեր ունի, փոխադրուեցաւ հիւանդանոց դարմանումի համար, նկատի ունենալով, որ ան նաեւ ոստիկանութեան կողմէ գործածուած հեղձուցիչ կազեր ներշնչած էր:
Թիւրք աւելի ուշ լրագրողներուն ցոյց տուաւ իր վիրաւորուած դէմքը՝ ըսելով. «Ասիկա ընողը համազգեստ հագած ոստիկան մըն էր»։ Թիւրք ըսաւ, որ ապահովութեան ուժերը ահաբեկչական մթնոլորտ մը կը ստղծեն, բայց պիտի չյաջողին, ու՝ «այս ժողովուրդը պիտի չլռէ»։
Տօնակատարութիւնը, որուն համար իշխանութիւններուն կողմէ արտօնութիւն չէր տրուած, տեղի ունեցաւ քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավարներու ու երեսփոխաններու մասնակցութեամբ։ Դարմանումի տակ առնուեցաւ նաեւ Եւրոխորհրդարանի նախկին անդամներէն ու քրտամէտ կուսակցութեան անդամ Ֆելեքնազ Ուճա։
Քիւրտ երեսփոխան Այսէլ Թուղլուք, որ Թիւրքի հետ եղած էր, աւելի վերջ պնդեց, թէ ոստիկանը բռունցքի հարուածներով ծեծած էր Թիւրքը։
Կուսակցապետ Սելահետտին Տեմիրթաշ յայտարարեց, որ Թիւրք ծեծի ենթարկուած էր 15 ոստիկաններու կողմէ, եւ ըսաւ, որ յարձակումը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ անզուսպ մակարդակի հասած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մտայնութիւնը։
Նովրուզի տօնակատարութիւնը նախապէս լուրջ խռովութիւններու տեղի տուած էր Պոլսոյ եւ Տիարպեքիրի մէջ. անոնցմէ մէկուն ընթացքին վնասուած էր նաեւ Նառլըգաբուի հայկական եկեղեցին, որուն ապակիները փշրուած էին քրտանպաստ ցոյցերու ընթացքին, անոր վրայ ծածանող թրքական դրօշակին պատճառով:
Խռովութեանց պատճառը կը նկատուի ներքին գործոց նախարարութեան այն շրջաբերականը, թէ՝ Նովրուզի տօնակատարութեան օրը Մարտ 21ն է, իսկ այլ օրերու ընթացքին պիտի չարտօնուի Նովրուզի տօնակատարութիւն։ Քիւրտերը կը պնդեն, որ տօնակատարութիւնը պէտք է կատարուի Մարտ 18էն սկսեալ։
Այս պատճառով է, որ Կիրակի օր քիւրտերը փորձեցին իրենց Նոր տարին տօնել՝ հանդիպելով ոստիկանութեան բիրտ ուժին, որուն հետեւանքով նաեւ մահացաւ քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավար մը՝ հեղձուցիչ կազերուն ազդեցութեան տակ:
Կուսակցապետ Տեմիրթաշ խստօրէն քննադատած է ներքին գործոց նախարարութեան արգելքը ու նոյնիսկ նախարարութեան ղրկած է մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութեան 2010ի այն որոշումը, ուր կը նշուի, թէ Նովրուզը կարելի է տօնել Մարտ 18 թուականէն սկսեալ՝ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ։
Տեմիրթաշ կը պնդէ, որ դրուած արգելքը ապօրինի է։ «Այսպիսի ապօրինութեան դիմաց մենք պարտաւոր չենք հնազանդելու, այլ պէտք է դիմադրենք ու անհնազանդութիւն ցոյց տանք: Ի վերջոյ յաղթական պիտի հանդիսանան բոլոր անոնք, որոնք կը դիմադրեն ֆաշիզմին եւ անարդարութեան։ Կեցցե՛ն դիմադրողները», ըսած է Տեմիրթաշ։