ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Համայնքային օրակարգը յաճախ այնքա՛ն խճողուած կ՛ըլլայ, որ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու համար կը դժուարանայ հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնել տեղական կամ համազգային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող միջոցառումներու վրայ:
Մէկ կողմէ՝ ձեռնարկներու խայտաբղէտութիւնն ու անոնց մեծ թիւը, միւս կողմէ՝ քարոզչական արդիւնաւէտ ծրագիրներու մշակումի ու գործադրութեան պակասը, պատճառ կը դառնան, որ ցոյցեր, հաւաքներ, զեկուցական հանդիպումներ ուղղակի ձախողին:
Համայնքային կեանքի մթնոլորտը լարելու, մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժելու ու կեդրոնացնելու խնդիրը՝ կա՛մ չենք ուզեր դիմագրաւել, կա՛մ ալ արդէն յուսահատած՝ կ՛ընդունինք վիճակը իբրեւ մեր «սահմանափակութեան» արդիւնք, եւ կը փորձենք հաշտուիլ անոր հետ:
Երկրորդ պարագան մերժելի է: Մենք չենք կրնար հաշտուիլ ձախողութեան հետ, չենք կրնար համակերպիլ անգործութեան, անդամալուծութեան առաջնորդող պարտուողականութեան:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել՝ բոցավառելու համար մթնոլորտը, ամէն անգամ աննախընթաց տենդ ու խանդավառութիւն ստեղծելու բոլորիս համար կարեւոր այս ձեռնարկներուն հանդէպ, ու երաշխաւորելու համար անոնց գերազանց յաջողութիւնը:
Դիմացնիս ունինք Ապրիլ 24ի ոգեկոչական ու բողոքի հաւաքներն ու ցոյցերը, Հայ Դատի ի նպաստ համա-ամերիկեան հանգանակային ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 20ին: Ամէնէն կարեւոր երկու այս իրադարձութիւններուն շուրջ մենք պէտք է կարենանք ստեղծել այնպիսի՛ հետաքրքրութիւն մը, բացատրական, քարոզչական այնպիսի՛ միջոցներու պէտք է դիմենք, որ նախ Ապրիլեան հիմնական ձեռնարկը, կամ ձեռնարկները (արդէն խնդիրը այստեղ է. այս պահուս տակաւին չենք գիտեր, թէ ո՞ր ձեռնարկը պիտի ըլլայ ամէնէն կարեւորը, կամ կարեւորներէն մէկը), ապա նաեւ Հայ Դատի հանգանակային արշաւը իրականան ամէնէն բարձր մակարդակով ու ապահովեն ակնկալուած արդիւնքները: