ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու՝ Թուրքիոյ «անընդհատ վազքի մէջ գտնուող մարդը», իր

խիստ խճողուած օրակարգին աւելացուցած է նոր պարտականութիւն մը՝ ճամբորդել աշխարհի չորս կողմը՝ փորձելով «տրամաբանական» հայեր հաւաքագրել:
Տաւութօղլու ձեռնամուխ եղած է նման յուսահատ նախաձեռնութեան մը այն բանէն ետք, երբ հայերը մասնատելու եւ նուաճելու, ինչպէս նաեւ իրենց արդար Դատի պայքարը թուլցնելու ուղղուած Թուրքիոյ փորձերը ձախողեցան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը խոստովանեցաւ, որ զինք այս հրատապ ջանքերուն մղած է Հայոց Ցեղասպանութեան մօտալուտ 100րդ տարելիցը, որ Դեմոկլեան սուրի պէս ցցուած է իր երկրին դիմաց:
Թրքա-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովի լուծարումէն եւ աշխարհով մէկ «բարեկամ» հայեր փնտռելու անօգուտ փորձերու ձախողութենէն ետք, Անգարա ձեռքը քաշեց Սփիւռքէն եւ իր ուշադրութիւնը սեւեռեց դէպի «աւելի մեղմ թիրախ» Հայաստանի կառավարութեան:
Ի սկզբանէ, Թուրքիան որոշ յաջողութեան հասաւ, երբ երկու երկիրները ստորագրեցին Հայ-թրքական Արձանագրութիւնները՝ համատեղ սահմանները բանալու պատրուակով: Այնուամենայնիւ, այս վերջին փորձը՝ «մեղմ» հայ պաշտօնատարներու եւ «անզիջող» սփիւռքահայերու միջեւ սեպ խրելու վերաբերեալ, եւս ձախողութեան մատնուեցաւ, երբ այդքան գովազդուած Արձանագրութիւնները չվաւերացուեցան:
Գիտակցելով հանդերձ, որ Թուրքիան Ցեղասպանութեան հետ կապուած հարցերը լուծելու համար ստիպուած է գործ ունենալու ոչ թէ միայն Հայաստանի, այլեւ Սփիւռքի հետ՝ Տաւութօղլու անգամ մը եւս իր ուշադրութիւնը սեւեռեց աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն վրայ: 2010ի Մարտ 24ին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները երկխօսութեան կը նախաձեռնեն «տրամաբանական» սփիւռքահայերու հետ:
Իր այս հնարամտութիւնը գործադրելու համար, 2010ի Ապրիլին Տաւութօղլու Ուաշինկթընի մէջ հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ՝ Շիքակոյի, Հիւսթընի, Լոս Անճելըսի եւ Թորոնթոյի մէջ Գլխաւոր հիւպատոսներուն հետ: Ըստ թրքական «Թուտէյզ Զաման» թերթին՝ նախարարը անոնց հրահանգեց կապուիլ այն հայերուն հետ, որոնք պատրաստ են երկխօսութեան մէջ մտնելու, եւ խուսափիլ «անզիջող խումբերէ»:
Քանի մը շաբաթ անց, «Հիւրրիյէ»չը հաղորդեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշակած է 10 կէտերէ բաղկացած ծրագիր մը, ըստ որուն՝ աշխարհի մէջ թուրք դիւանագէտները պէտք է՝
1. Հրաւիրեն եւ ներգրաւեն տեղի հայերը թրքական միջոցառումներու.
2. Մասնակցին հայկական համայնքներու կողմէ կատարուող աշխատանքներու.
3. Կապուին այնպիսի հայերու հետ, որոնք նիւթական շահ կը հետապնդեն Ցեղասպանութեան հարցի ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիայէն վերջերս արտագաղթածներու հետ, ու Թուրքիա հրաւիրեն այն մարդիկը, որոնք հակաթրքական յայտարարութիւններ կը տարածեն.
4. Լաւ յարաբերութիւններ հաստատեն հայ դիւանագէտներու հետ եւ մասնակցին անոնց պաշտօնական միջոցառումներուն.
5. Օգտուին տեղի համայնքներուն մէջ եւ համալսարանական միջոցառումներուն ընթացքին խօսելու առիթներէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն շուրջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը ներկայացնելու համար.
6. Կապ հաստատեն տեղի մտաւորականներու հետ՝ Թուրքիոյ դիրքորոշումը ներկայացնելու համար.
7. Զարգացնեն կապերը Թուրքիոյ հարեւան երկիրներու դիւանագէտներուն հետ եւ անոնց ծանօթացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը.
8. Խրախուսեն «Պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով»ի մը ստեղծումը.
9. Խթանեն Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը.
10. Ընդգծեն, որ Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը նպաստէ Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:
2011ի Դեկտեմբերին, Թուրքիան յայտարարեց «Սփիւռք»ի վերանայուած իր հայեցակարգը, որ կը ներառէր «Անատոլիոյ» բոլոր յետնորդները, անկախ անոնց կրօնքէն կամ դաւանանքէն: Տաւութօղլու հրահանգեց բոլոր թուրք դիւանագէտներուն՝ «առերես» հանդիպումներ ունենալ այդ մարդկանց հետ, որպէսզի քննարկեն իրենց «միացեալ պատմութիւնը» եւ «Համաշխարհային առաջին պատերազմի շրջանի իրադարձութիւններուն ընթացքին ամբողջ օսմանեան ժողովուրդին տառապանքը»:
Գոհ չըլլալով իր դիւանագէտներուն աշխատանքէն՝ Տաւութօղլու որոշեց անձամբ զբաղիլ այս նոր նախաձեռնութեամբ: Անցեալ ամիս ան քանի մը ժամ անցուց Ուաշինկթընի մէջ՝ առանձին հանդիպումներ ունենալով Լոս Անճելըսէն քանի մը հայերու եւ ոչ-հայերու հետ, քննարկելու համար «Հայ-թրքական հաշտեցման» հնարաւորութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հրաւիրեց իր հիւրերը այցելելու Անգարա եւ իրենց հետ բերելու այլ «ականաւոր» հայեր: Այդ ժամանակէն ի վեր, Տաւութօղլու ուրիշ վայրերու մէջ ալ ունեցած է նման հանդիպումներ:
Մինչ այդ, թրքական նախաձեռնութեամբ «Հայ-թրքական հաշտեցման» հարցերով զբաղող նոր խումբ մը կը ստեղծուի Ուաշինկթընի մէջ, Ապրիլ 12ին: «HasNa» խումբը հանդիպումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ վարձուած «Arnold & Porter» լոպիիստական ընկերութեան գրասենեակներուն մէջ: Մասնակիցներու շարքին պիտի ըլլան որոշ հայեր եւ թուրքեր, ԱՄՆ պետական պաշտօնատարներ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, մտաւորականներ եւ այլք:
Այն հայերը, որոնք պիտի ներգրաւուին Թուրքիոյ հաւաքագրման այս ծրագիրներուն, հաւանաբար կը ձգտին համբաւի կամ հարստութեան, կամ ալ՝ բարի մտադրութիւն ունեցող միամիտ լաւատեսներ են: Այնուամենայնիւ, անկախ անկէ, թէ ի՞նչ է վիճայարոյց այս գործելակերպերին մէջ ներգրաւուելու անոնց դրդապատճառը, անոնք պէտք է ուշադիր ըլլան իրենց քայլերուն հետեւանքներէն.
1. Երկխօսութիւնը յանուն երկխօսութեան կրնայ Հայկական հարցին աւելի շատ վնաս հասցնել, քան՝ օգուտ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ այդ ջանքերը, որպէսզի ստեղծէ այդ թիւր տպաւորութիւնը, թէ՝ հայերն ու թուրքերը հաշտեցման փուլի մէջ են՝ այդպիսով իսկ շեղելով այլ երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը:
2. Եթէ նախօրօք չհամաձայնեցուի, թէ ի՛նչ դրական արդիւնքի պիտի հասցուի այս բանակցութիւններէն, հայ մասնակիցները, ամենայն հաւանականութեամբ, ձեռնունայն դուրս պիտի գան:
3. Միայն Հայաստանի դիւանագիտական լուրջ փորձ ունեցող պաշտօնատարներ եւ Սփիւռքի վստահելի ղեկավարներ պէտք է բանակցին խորամանկ եւ հմուտ թուրք դիւանագէտներու հետ: Հակառակ պարագային, թուրք պաշտօնատարները խելացիօրէն համաձայնութիւն պիտի կնքեն այնպիսի անձերու հետ, որոնք հակուած են աւելի քիչ պահանջկոտ եւ աւելի շատ զիջող ըլլալու:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ