
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք բեմադրիչ Ուղուր Էգեմեն Իրեսի «Ջուրը կը գտնէ իր հունը» ֆիլմը, որ հայ կնոջ մը մասին է, պիտի ցուցադրուի «Քանն»ի 65րդ փառատօնին ընթացքին, կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Ֆիլմը հիմնուած է Հրանդ Տինքի համանուն պատմուածքին վրայ. անոր մէջ կը ներկայացուի կեանքը Թուրքիոյ քաղաքացի հանդիսացող հայազգի կնոջ մը, որ ամէն տարի Ֆրանսայէն կու գայ Թուրքիա, ապա կը մահանայ Սեբաստիոյ (Սվազ) մէջ: Իրես, խօսելով ֆիլմին մասին՝ նշած է, որ պատմուածքը մեծ ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ: Պատմութիւնը շատ անկեղծ համարելով՝ ան անմիջապէս որոշած է զայն վերածել կարճ ֆիլմի եւ հանդիպումներ ունեցած է Տինքի հիմնած «Ակօս» թերթի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Տինքի աղջկան հետ՝ յարգելով անոնց այն փափաքը, որ պատմութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկատարուի:
«Մեր ֆիլմը մարդասիրութեան մասին է: Մեր նպատակն է աւելիով լսելի դարձնել ամէն տարի Տինքի մահուան տարելիցին կապակցութեամբ երթի դուրս եկող անձերուն ձայնը», ըսած է բեմադրիչը:
Այս տարի «Քանն»ի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 16-27ի միջեւ: