ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը, որ պէտք է խրախուսէ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը, արտօնէ Ատրպէյճանի ռազմամոլ նախագահին նախագահել այդ վսեմաշուք մարմինը: Դժբախտաբար, նման անարգանք հնարաւոր է, պարզապէս, որովհետեւ Ատրպէյճանի կարգն է Մայիս ամսուն ստանձնելու Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:
Հաշուի առնելով Իլհամ Ալիեւի յարատեւ հակահայկական հռետորութիւնը՝ ոչ ոք թող զարմանայ, երբ ան ՄԱԿի հարթակը վերածէ նոր ռազմադաշտի մը: Բարեբախտաբար, անոր զինուժը ո՛չ վերապատրաստում ունի, ո՛չ ալ կը ձգտի օգտագործել իր խիստ արդիական զէնքերը՝ ներառեալ Իսրայէլէն վերջերս գնուած 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զինամթերքը: Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի անկարողութիւնը՝ Արցախի դէմ պատերազմելու, եւ վախնալով, որ նման բախումի մը հետեւանքով կրնայ կորսնցնել յաւելեալ տարածքներ, վտանգի ենթարկել իր քարիւղի արդիւնաբերութիւնն ու քարիւղատար խողովակները՝ Ալիեւ կը փորձէ շեղել իր խեղճ ու կրակ ժողովուրդին ուշադրութիւնը՝ սպառնալիքներ հնչեցնելով եւ հայերու հետ բանավիճելով:
Խնդիրն այն է, որ միայն ատրպէյճանցիները չեն, որոնք կը լսեն Ալիեւի թշնամական յայտարարութիւնները: Ատրպէյճանի սահմանակից երկիրները՝ Իրանը, Թուրքիան եւ Ռուսիան, յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանացնեն ՄԱԿի մէջ սուր ճօճելու անոր սպառնալիքները: Հարեւան երկիրները կ՛անհանգստացնէ այն, որ Ատրպէյճան կը հանդիսանայ իրենց տարածաշրջանէն ներս իբրեւ Իսրայէլի փոխանորդ: Եթէ Իսրայէլ յարձակի Իրանի վրայ՝ օգտագործելով Ատրպէյճանի օդային խարիսխները, ապա Իրան կրնայ հակահարուած հասցնել՝ գրաւելով Ատրպէյճանը, քանի որ Իրանի հիւսիսը աւելի շատ ատրպէյճանցիներ կան, քան Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքը:
ՄԱԿի մէջ, հաւանաբար, Ալիեւ պիտի մէջբերէ այն թշնամական խօսքերը, զորս ի՛նք օգտագործեց վերջերս Պաքուի մէջ: Ան հայերը անուանեց «ֆաշիս»չ՝ բնութագրելով զանոնք որպէս Ատրպէյճանի գլխաւոր ոսոխ եւ մեղադրելով «հայկական լոպին»՝ որպէս իր «թիւ մէկ» թշնամին: Օգտագործելով հակա-սեմիթականներէն փոխ առնուած լեզուն, եւ փոխարինելով «հրեաներ» բառը՝ «հայեր»ով, Ալիեւ կ՛ընէ ցեղապաշտական հետեւեալ մեղադրանքը. «Անոնց ազդեցութեան շրջանակը բաւական լայն է: Անոնք (հայերը) ներկայացուած են տարբեր երկիրներու առաջատար տպագիր մամուլին մէջ: Երբեմն անոնք հանդէս կու գան տարբեր անուններով եւ կը թաքցնեն իրենց «էթնիք» ծագումը»: Ալիեւի՝ ատելութեամբ լեցուն յաճախակի ելոյթները լաւագոյն ապացոյցն են այն բանին, թէ ինչո՛ւ Արցախի հայերը այլեւս երբե՛ք չեն կրնար ապրիլ անոր բռնապետական վարչակարգին ներքոյ:
Ալիեւ նաեւ հայերը քննադատեց, որովհետեւ անոնք Ատրպէյճանը անուանած են «յետամնաց եւ ոչ ժողովրդավար», ինչ որ ճշգրտօրէն կը նկարագրէ իր երկրին մարդու իրաւունքներու ցաւալի իրավիճակը: «Միջազգային համաներում» կազմակերպութիւնը, «Մարդու իրաւունքներու դիտորդ»ը, Եւրոպական խորհրդարանը եւ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան մամուլը շարունակաբար քննադատած են Ատրպէյճանը՝ անթիւ լրագրողներու, «blogger»ներու, այլախոհներու, ընդդիմութեան անդամներու եւ շարքային քաղաքացիներու իրաւունքները ոտնահարելուն համար:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Էդուարդ Շարմազանով, անցեալ շաբաթ Ալիեւին տուաւ պատշաճ պատասխան մը, երբ վերջինս պարծեցաւ, թէ՝ «Պիտի գայ այն օրը, երբ Ատրպէյճանի դրօշը պիտի ծածանի Խանքենդի (Ստեփանակերտ) եւ Շուշայի (Շուշի) վրայ»: Շարմազանով հեգնանքով ըսաւ, որ Ատրպէյճանի դրօշը կրնայ ծածանիլ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ, միայն այն ատեն, երբ Պաքուն ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ անոր հետ:
Ալիեւի թշնամական խօսքերուն հակահարուած տալու նպատակով, ամերիկահայերը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ ատրպէյճանցի այլախոհներու հետ վստահաբար իրենց բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնեն Մայիսի սկիզբը, ՄԱԿի կեդրոնին առջեւ, այն ատեն, երբ Ատրպէյճանի նախահագը սկսի դուրս թափելու իր հակահայկական թոյնը:
Դժբախտաբար, Ալիեւ մտադիր չէ այցելցել Ամերիկայի Արեւմտեան ափ, ուր, անկասկած, հայաշատ համայնքը զանգուածային բողոքներով պիտի դիմաւորէ անոր հայատեաց խօսքերն ու գործողութիւնները: Այնուամենայնիւ, Քալիֆորնիոյ հայկական համայնքը կրնայ օգտուիլ Ալիեւի ԱՄՆ այցելութենէն՝ խնդրելով, որ Նահանգի օրէնսդիր մարմինը ընդունի թիւ 96 բանաձեւը, որ կը յիշատակէ Ատրպէյճանի քաղաքներուն՝ Սումկայիթի, Կիրովապաթումի եւ Պաքուի մէջ, հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերը:
Ոտնահարելով ԱՄՆ օրէնքները եւ ընդունուած դիւանագիտական արարողակարգը՝ Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսարանը երկար նամակ մը ուղարկեց Քալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր մարմինի բոլոր անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց չսատարելու այդ բանաձեւի ընդունման: Ատրպէյճանի ժամանակաւոր գլ-խաւոր հիւպատոս Ռամիլ Կուրպանովի կողմէ ստորագրուած սոյն նամակը, ակնյայտօրէն մշակուած էր իր լոպիիստական ընկերութիւններէն մէկուն կողմէ: Այս քարոզչական գրութիւնը կը պարունակէ ծիծաղելի բազմաթիւ յայտարարութիւններ, սակայն ատիկա մտահոգութիւն մը չէ այն «վարձու գրչակներ»ուն, որոնք պատրաստ են ամէն ինչ ընելու, որպէսզի իրենց վճարող ատպէյճանցիները երջանիկ պահեն, քանի տակաւին շռայլօրէն կը հատուցուին իրենց պիղծ աշխատանքին համար:
Արեւմտեան ափի ամերիկահայերը պէ՛տք է դիմեն Նահանգի օրէնսդիր մարմինի անդամներուն, մասնաւորապէս՝ թիւ 96 բանաձեւի համահեղինակներուն՝ պատգամաւորներ Ֆելիփէ Ֆուենթեսի, Քաչօ Աչաճեանի եւ Մայք Կաթոյի, ու պահանջեն այս բանաձեւը դարձեալ քուէարկութեան դնել, մինչ նախագահ Ալիեւ ԱՄՆի հողատարածքին վրայ կը գտնուի: Մինչդեռ, Արեւելեան ափի ամերիկահայերը պէտք է Մայիսի սկիզբները ՄԱԿի կեդրոնին առջեւ խուռներամ հաւաքուին՝ բողոքելու համար նախագահ Ալիեւի՝ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի ժամանակաւոր «նախագահ»ի, ցեղապաշտական խօսքերուն դէմ:
Աւելին, հայկական համայնքը պէտք է բողոքէ դաշնակցային եւ նահանգային իշխանութիւններուն մօտ՝ Ատրպէճանի հիւպատոսին կողմէ ԱՄՆի ներքին գործերու ապօրինի միջամտութեան համար, եւ պահանջէ Միացեալ Նահանգներէն Ռամիլ Կուրպանովի վտարումը՝ որպէս «ոչ ցանկալի անձ»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ