
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը Մայիս 4ին տեղի ունենալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մօտ Պըրպենք քաղաքը ներկայացնող հայասէր քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Արպա»չ սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 711 South San Fernando Boulevard, Burbank, CA 91502: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել Սիլվա Քէշիշեանին՝ silva@anca.org հասցէով, կամ այցելել Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ֆէյսպուք» կայքէջը՝ facebook.com/ancaburbank հասցէին:
Ստորեւ ծաղկաքաղ մը՝ Շիֆի հայանպաստ քայլերէն.
– Այս տարուան Փետրուարին, Շիֆ 1988ին տեղի ունեցած Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակին յայտարարութիւն մը կատարեց՝ ջարդերը նկատելով Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ որդեգրուած հակահայ արշաւին մէկ մասնիկը, որ առաջնորդեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Պաքուի նախաձեռնած պատերազմին:
– Երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Փետրուար 29ին անգամ մը եւս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին պնդեց, թէ անիկա «պատմականօրէն վիճելի» հարց մըն է, Շիֆ պահանջեց Քլինթընէն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ապատեղեկատուական հաստատումներ չկատարել՝ յիշեցնելով անոր Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող ամերիկացի պաշտօնատարներուն՝ ներառեալ նոյնինքն Հիլըրի Քլինթընի անցեալի յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը յստակօրէն հաստատուած է: Շիֆ աւելցուց, թէ Ցեղասպանութեան մասին պատմական սխալ մեկնաբանութիւնները վիրաւորանք մըն են ամերիկահայ համայնքին եւ այլ ցեղասպանութեանց զոհերուն՝ միաժամանակ կը քաջալերեն Թուրքիան, որ շարունակէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը:
– Քոնկրեսական Շիֆ վերջերս մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի հետ՝ պահանջելով անկէ, որ æաւախքի հայութեան կացութիւնը բարելաւելու աշխատանքներուն վրայ յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացնէ:
– Անսալով 9ամեայ Շանթ Արմէնեանի մէկ դիմումին՝ Շիֆ այս տարուան Յունուար 13ին, իրեն հետ «Շամլեան» վարժարան բերաւ ամերիկացի աստղանաւորդ Կրեկըրի Շամիթոֆը, որ աշակերտներուն հետ բաժնեց իր իւրայատուկ փորձառութիւնները:
– Իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի գլխաւոր հեղինակ՝ Շիֆ կը շարունակէ Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքը՝ նման քայլ մը Քոնկրեսի բարոյական պարտաւորութիւնը նկատելով եւ հաւատալով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները յատուկ պարտաւորութիւն ունին Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ հետզհետէ նօսրացող վերապրողներուն կողքին կանգնելու:
– Շիֆ նաեւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելու ջանքերուն՝ քաջալերելով իրենց տնտեսութիւնը վերականգնելու եւ ժողովրդավար երկիր մը հաստատելու արցախցիներուն աշխատանքները:
– 2011ի Սեպտեմբերին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ կայացած Հայաստանի Անկախութեան քսանամեակին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան «Մխիթար Գոշ» շքանշանը յանձնեց Էտըմ Շիֆին՝ դրուատելով անոր տարիներու հայանպաստ աշխատանքը:
– 2011ի Դեկտեմբերին, Շիֆ համահեղինակեց եւ պայքարեցաւ վաւերացումը ապահովելու համար Ներկայացուցիչներու տան թիւ 306 բանաձեւին, որ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ վերադարձնելու հայութենէն եւ Թուրքիոյ քրիստոնէական այլ համայնքներէ բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները:
– 2010ին, քոնկրեսական Շիֆ նախաձեռնեց Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու պատմութիւնները պահպանելու արշաւին, որպէսզի այդ արխիւը օգտագործուի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու:
– Մարտ 21, 2007ին, իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի անդամ, Շիֆ իր սուր հարցումներով նեղ կացութեան մատնեց այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Քանտըլիզա Ռայսը, որ կ՛ընդդիմանար Ցեղասպանութեան բանաձեւը վաւերացնելու ջանքերուն:
– 109րդ Քոնկրեսին օրերուն, Շիֆ հովանաւորներէն մէկն էր Ներկայացուցիչներու տան թիւ 3361 բանաձեւին, որ կ՛արգիլէր Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանը շրջանցող Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի կառուցման աշխատանքներուն:
– 108րդ Քոնկրեսին մէջ, Շիֆ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2005ի ամավարկին վրայ դրաւ պայման մը, որ յստակօրէն կ՛արգիլէ Թուրքիոյ կառավարութեան՝ ամերիկեան օժանդակութիւններէն գումարներ տրամադրել Հայկական Ցեղասպանութեան դէմ իր արշաւներուն համար:
– Մարտ 2006ին, Շիֆ նեցուկ կանգնեցաւ ամերիկեան կառավարութեան «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրին կողմէ Հայաստանի գիւղական շրջաններու ճամբաներն ու որոգման ցանցը արդիականացնելու հնգամեայ ծրագիրին, որ 235 միլիոն տոլարի ներդրում մըն էր:
– Իր ձայնը միացնելով ամերիկահայութեան՝ քոնկրեսական Շիֆ նաեւ պահանջած է վերջ դնել Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան:
– Շիֆ նաեւ մասնակցած է «Հայաստան» հիմնադրամին եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած պատկերասփիւռային դրամահաւաքներուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր բանախօսը եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու:
– Քոնկրեսական Շիֆ հանդիպումներ ունեցած է Արցախի վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ ներկայ եղած է անոնց ի պատիւ կազմակերպուած քոնկրեսական հաւաքներուն՝ նեցուկ կանգնելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
– Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուելէն կարճ ժամանակ ետք, Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2001ին, Շիֆ պահանջեց Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, որ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը: