Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կէսօրէն ետք, Վարդանանց Ասպետներու աւանդական Ցեղասպանութեան յիշատակումը, տեղատարափ անձրեւներու բերումով, փոխան Նիւ Եորքի )Թայմզ( հրապարակին՝ նշուեցաւ Ս. Վարդան Մայր տաճարի համալիրի «Գաւուքճեան» հանդիսասրահին մէջ, աւելի քան 1500 հայորդիներու ներկայութեան: Խիտ շարքերով հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը այս տարի զգալի էր աւելի քան նախորդ տարիներուն:
Ներկայ էին, Մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրող չորս հայուհիներ՝ ծնած պատմական մեր հայրենիքին ու Կիլիկիոյ մէջ. երիցագոյնը՝ Շապին Գարահիսար՝ 102 տարեկան: Անոնք խոստացան հասնիլ մինչեւ հարիւրամեակ:
Միացեալ այս հանդիսութեան դարձեալ ներկայ գտնուեցան ու իրենց խօսքերը փոխանցեցին երկու նահանգներու՝ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի, Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ:
Ամերիկեան եւ հայկական հիմներու ունկնդրութենէն ետք՝ երգուած օրիորդ Անի Ճրճրեանի կողմէ, յաջորդաբար խօսք առին քոնկրեսական Քարոլայն Մոլանի (Նիւ Եորք նահանգէն), ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ (Նիւ Ճըրզի), Նիւ Եորքի ծերակուտական, հայոց իրաւունքները պաշտպանող ու աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր այս հրապարակային հանդիսութեան ներկայ եղող Չաք Շումըր:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի ատենապետ՝ Նիւ Ճըրզիէն քոնկրեսական Ֆրենք Փըլոն, որ ցաւ յայտնեց, թէ այս տարի եւս ձեռնունայն կը ներկայանայ հայութեան, առանց յաջողցնել կարենալու Ցեղասպանութեան ճանաչումը Քոնկրեսէն ներս:
Քաղաքական բոլոր դէմքերը խոստացան անսակարկ, առանց վհատումի շարունակել իրենց աշխատանքը յանուն արդարութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայ շրջանի հոգեւորականներէն ոմանք կատարեցին աղօթքներ, իսկ Վարդանանց ասպետներու աւագ սպարապետ տոքթ. Տենիս Փափազեան, յանուն իր ղեկավարած եղբայրակցութեան, անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ պիտի շարունակուին նման հրապարակային միջոցառումները, մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթահարէ:
Օրուան անակնկալն էր յայտագիրին մասնակցութիւնը հայրենի զոյգ տաղանդաւոր աստղերու՝ Ռուբէն Մաթեւոսեանի եւ Ռաիսա Մկրտչեանի, որոնք Նիւ Եորք կը գտնուին «Թէքէեան» մշակութային միութեան հրաւէրով:
Խօսք առին նաեւ Նիւ Եորք քաղաքի «քոնթրոլըր» Ճան Լու, որուն քաղաքական ասպարէզը շուտով կրնայ ընդարձակուիլ՝ դառնալով Նիւ Եորքի քաղաքապետ: Իսկ Նաթալի Գաբրիէլեան՝ ՀԲԸՄէն, եւ Ալեքս Գէորգեան՝ Հայկական համագումարէն, պատշաճ պահանջատիրական խօսքեր յայտնեցին: