
ՓԱՐԻԶ.- Վերջերս լոյս տեսած է ֆրանսացի բեմադրիչ Րաֆֆի Շարթի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Մոռացութեան Երեխաները» (Les Enfants de lOublie) գիրքը:
Գիրքի պատմութիւնը կը սկսի 1913ին՝ Պիթլիսի դէպքերով: Գիրքին մէջ ներկայացուած են Զուարթի ու անոր ամուսնոյն՝ Գէորգի, յարաբերութիւնները թուրք եւ հայ բարեկամներու հետ:
Ըստ Շարթի՝ գիրքը նուիրուած է հայկական բանակի քայլերգի հեղինակ Ճորճ Կարվարենցին: Անոր կարծիքով, հարկ է «կեդրոնանալ ընկերութեան ու սիրոյ վրայ, քանի որ անոնց շնորհիւ ընթերցողը կրնայ աւելի լաւ հասկնալ ու սիրել հերոսները»:
Րաֆֆի Շարթ Շարլ Ազնաւուրի զարմիկն է: Ան նաեւ «Կնոջս անունը Մորիս է» գիրքին հեղինակն է: