
ՕԹԹԱՈՒԱ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի աւանդական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած են Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդները, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ դպրոցականներ:
Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, ոգեկոչելով 1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակը՝ նշած է, որ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը ոճիր էր համայն մարդկութեան դէմ, եւ բոլորին պարտքն է նման յանցագործութիւններ դատապարտել ու կանխարգիլել՝ հասնելով Մեծ Եղեռնի միջազգային համապարփակ ճանաչման:
Այնուհետեւ, Հայաստանի դեսպանատան յարակից տարածքին վրայ գտնուող «Յաւերժ Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթք կատարուեցաւ հոգեւոր հայրերու կողմէ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան նահատակներու հոգիներուն համար:
Ձեռնարկէն ետք հոծ բազմութիւնը ուղեւորուեցաւ դէպի Գանատայի խորհրդարան, ուր տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց մը: Ցոյցի ընթացքին հնչեցին ելոյթներ խորհրդարանի շարք մը պատգամաւորներու եւ քաղաքական գործիչներու կողմէ, որոնք դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ թրքական մերժողականութիւնը:
Այնուհետեւ, Օթթաուայի կեդրոնական Ուելինկթըն փողոցով հարիւրաւոր գանատահայեր քալեցին դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն, ուր պահանջեցին Թուրքիոյ կառավարութենէն վերջ տալ իր մերժողական քաղաքականութեան: