
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան «Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած նորագոյն տեղեկագիրին համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ մամլոյ ազատութեան դէմ սահմանափակումները կը շարունակեն աճիլ՝ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացնելով միջազգային իրապաշտպան կազմակերպութեան մօտ:
Կազմակերպութիւնը այս տարի Ատրպէյճանը «ոչ ազատ» մամուլ ունեցող երկիրներու շարքին դասած է:
Կազմակերպութեան համացանցային կայքին վրայ հրապարակուած «Մամուլի ազատութիւնը 2012ին» զեկոյցին մէջ, Ատրպէյճանը 197 երկիրներու մէջ կը գրաւէ 172րդ դիրքը, զոր կը բաժնէ Զիմպապուէյի եւ Ռուսիոյ հետ: