
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանցի լրագրող եւ վերլուծաբան Ասեֆ Կուլիեւ լրագրողական հետաքննութիւն կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հետ շփման գիծին վրայ եւ բացայայտած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կը թաքցուին բանակին մէջ կատարուող շարք մը սպանութիւններ եւ այլ փաստեր:
«Gafgazinfo.az» կայքը հրապարակած է Կուլիեւի վերլուծութիւնը, ուր ան կը նշէ, թէ պաշտօնական հարցումներ կատարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ պետական այլ մարմիններու պաշտօնատարներուն:
Ատրպէյճանի տարածքներու վերականգնման եւ վերակառուցման գործակալութենէն իրաւաբան մը իրեն յայտնած է, թէ հարցուած տեղեկատուութիւնը պետական գաղտնիք կը նկատուի եւ պատասխան ստանալու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազգային ապահովութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութիւնը:
«Ես միայն հարցուցած էի, թէ որքա՞ն գումար յատկացուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի երկայնքով պատ կառուցելու համար, եւ թէ ցարդ այդ կապակցութամբ ի՞նչ աշխատանքներ կատարուած են: Բոլորը, հաւանաբար, արդէն տեղեակ են, թէ հայկական կողմը ինչպէ՛ս դիմեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին՝ Ապրիլի 27ին Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշ մարզին մէջ 3 զինծառայողներու սպանութեան կապակցութեամբ, եւ քանի մը ժամ ետք այդ մասին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ: Մինչ Ատրպէյճան միջազգային հանրութեան տեղեկատուական ուշադրութեան տակ է, հայկական կողմին նման աշխուժութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը շատ բան կը վկայէ, իսկ Ատրպէյճանի համապատասխան կառոյցներու գործունէութիւնը ո՛չ մէկ քննադատութեան կը դիմանայ», կը նշէ յօդուածին հեղինակը:
Կուլիեւ կ՛աւելցնէ, թէ հետաքննութեան ընթացքին բացայայտած է, որ «քանի մը» ատրպէյճանցի զինուորներ Ապրիլ ամսուան ընթացքին սպաննուած են հայկական կողմէն արձակուած փափուշտներով, սակայն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ոչ միայն հանդէս չէ եկած այդ մասին յայտարարութեամբ, այլ նոյնիսկ զանազան միջոցներու դիմած է՝ հասարակութենէն թաքցնելու համար այդ սպանութիւնները: Կուլիեւ նաեւ կը նշէ, որ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ չհաստատուած իրադարձութիւնները միջազգային կառոյցներու համար «ուղղակի գոյութիւն չունին»:
Յայտնենք, թէ Մայիս 1ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ընդունած էր, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին միայն մէկ ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է շփման գիծին վրայ:
Միւս կողմէ՝ Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին հաղորդուեցաւ, թէ Մայիս 1ին «հիւանդութեամբ» մը մահացած է ատրպէյճանցի զինուոր մը՝ այս տարուան ընթացքին մահացած կամ սպաննուած ատրպէյճանցի զինուորներուն թիւը հասցնելով 21ի: