ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Մարմարա»ի Մայիս 2ի թիւին մէջ կը կարդանք, թէ հրապարակագիր ու դասախօս Սետատ Լաչիների հետ զրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ պնդած է, թէ թուրքերու ու հայերու միջեւ իսկական հարցը գործածուած լեզուն է։ «Ո՛չ մէկը բան մը կը շահի, եթէ գործածէ լեզու մը, որ դիմացինին ցաւերն ու վէրքերը գրգռելէ բացի՝ ուրիշ գործի չի ծառայեր», ըսած է Կիւլ: Լաչիներ դիտել տուած է, որ այս տարի Թուրքիոյ մամուլին մէջ շատ լայն արձագանգ չգտան Ապրիլ 24ի առիթով հայկական միջոցառումները։ «Թերեւս Արաբական գարունն էր, որ պատճառ դարձաւ, կամ Թուրքիոյ օրակարգը այնքա՛ն խճողուած էր, որ հայերուն համար շատ տեղ չմնաց։ Ամէն պարագայի, այս տարի Թուրքիոյ մամուլին մէջ Ապրիլ 24ը աղմուկ չբարձրացուց, հակառակ անոր, որ հայերը այս տարի շատ աւելի եռանդուն աշխատանք տարին։ Այս տարի առաջին անգամն ըլլալով Ֆրանսայի նախագահ մըն ալ մասնակցեցաւ հայկական միջոցառումներու», գրած է ան: Կիւլ նաեւ ըսած է. «Կարեւոր է հաստատելը, թէ ո՞վ իրաւացի է, ո՞վ անիրաւ, բայց ատկէ աւելի կարեւոր է փոխել այն լեզուն, որ կը գործածուի, եւ աւելի շատ աշխատիլ զիրար հասկնալու համար։ Եթէ այս խնդիրին համար լուծում մը պիտի գտնուի, ապա այդ լուծումին պիտի չհասնինք, եթէ շարունակենք դէմ դիմաց զիրար նախատել, պոռալ իրարու հասցէին։ Այսպէս եթէ ընենք, զմեզ պաշտպանելէ աւելի դիմացինին վէրքերը կը թարմացնենք։ Մինչդեռ երկու կողմերն ալ պէտք ունին մխիթարութեան ու հասկացողութեան։ Թուրքերը այլեւս պայման է որ հասկնան թէ, ի՛նչ պատճառաւ ալ եղած ըլլայ անիկա, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր վտարուեցան իրենց դարաւոր հայրենիքէն ու գրեթէ՝ որբացան։ Բայց նոյն կերպով հայերն ալ պէտք է վերջ տան այն կեցուածքին, ըստ որուն՝ կարծես, թէ միայն իրենք էին որ տառապեցան ու տուժեցին։ Հայերն ալ պէտք է տեսնեն, թէ թուրքերը անցեալ դարաշրջանին ամէնէն շատ տառապած ժողովուրդներէն մէկն էին։ Թուրքերը մնացած էին փլուզումի ենթարկուած կայսրութեան մը փլատակներուն տակ։ Բանիմաց ոեւէ հայ չի կրնար ուրանալ, որ թուրքերը շատ տառապեցան եւ որ այդ տառապանքին հեղինակները եղան խումբ մը հայ հրոսախումբեր»։ Լաչիներ իր յօդուածին մէջ կը շարունակէ. «Անհրաժեշտ է մէկզմէկու նկատմամբ յարգանք զգալը։ Հրանդ Տինք այս փիլիսոփայութիւնը կը քարոզէր, կ՛ուզէր, որ հայերը փրկուէին Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան թոյնէն։ Ինչ մեղք, որ ան այս աշխարհէն մեկնեցաւ առանց հասկացողութիւն գտնելու։ Յուսալի է, որ նախագահ Կիւլը գոնէ կը յաջողի կակուղցնել այն թունաւոր լեզուն, որ կը գործածուի երկու կողմերուն միջեւ»։
Կիւլ եւ Լաչիներ պարզապէս ուրացման ջաղացքին մէջ ջուր կը լեցնեն՝ շարունակելով գործածել «աւելի քան մէկ միլիոն հայեր վտարուեցան»ի եւ «ան (Տինք) այս աշխարհէն մեկնեցաւ»ի նման կրաւորական նախադասութիւններ, կամ փորձելով մեղմացնել Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքները՝ զայն անտրամաբանօրէն բաղդատելով կայսրութեան մը տարանջատման հետեւանքով թուրքերուն կրած տառապանքին հետ:
Եթէ անոնք իսկապէս անկեղծ են համերաշխութեան եւ յարգանքի իրենց կոչերուն մէջ, ապա անոնք նախ պէտք է ընդունին պատմական իրականութիւնները եւ անոնց պատճառած անիրաւութիւններն ու նոյն գաղափարաբանութեամբ շարունակուող ոճիրները, ու արդար վնասուց հատուցում տալէ ետք՝ մաս կազմեն յարգանքի արժանի ժողովուրդներու ցանկին: