– Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, Մայիս 1ին ու 2ին, պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մօտերը ցուցարարներու եւ անոնց վրայ յարձակած խումբ մը խռովարարներու միջեւ բախումները առնուազն 11 զոհ եւ 50է աւելի վիրաւոր խլած են: Քանի մը օր առաջ նախարարութեան առջեւ նստացոյցի մը սկսած ցուցարարները կը պահանջեն բանակի հրամանատարութենէն, որ երկրին իշխանութիւնը յանձնէ քաղաքացիական մարմինի մը:
– Մայիս 2ին հաղորդուեցաւ, որ եուրօ դրամանիշը գործածող երկիրներուն մէջ անգործներուն թիւը 169,000ով աճած է Մարտ ամսուան ընթացքին՝ անգործութեան համեմատութիւնը 10.9 տոկոսի հասցնելով, ինչ որ բարձրագոյնն է եւրոպական միացեալ դրամանիշի որդեգրումէն ետք (1999): Տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ այս տուեալը յաւելեալ ճնշում պիտի դնէ եւրոպական կառավարութեանց վրայ, որպէսզի ծախսերու սեղումներէն աւելի, շեշտը դնեն տնտեսութիւնը խթանելու ջանքերուն վրայ:
– «Ֆրիտըմ Հաուս»ի հրապարակած մամլոյ ազատութեանց նուիրուած տարեկան զեկոյցին մէջ, Թուրքիա մէկ կէտով նահանջ արձանագրած է նախորդ տարուան բաղդատմամբ, եւ 197 երկիրներու մէջ գրաւած է 117րդ դիրքը՝ դասուելով «մասամբ ազատ» մամուլ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ աշխարհի բնակչութեան միայն 14.5 տոկոսը կ՛ապրի ազատ մամուլ ունեցող երկիրներու մէջ, իսկ 45 տոկոսը՝ «մասամբ ազատ» ու 40.5ը՝ «ոչ ազատ» մամուլ ունեցող երկիրներու մէջ:
– Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը նահանջ արձանագրած է՝ ըստ Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ կատարուած հարցախոյցի մը: Իշխող կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած է թուրքերուն 49.6 տոկոսը, մինչ նախապէս կուսակցութիւնը դիւրութեամբ կը ստանար քուէներու աւելի քան կէսը: Սուրիոյ հանդէպ Անգարայի քաղաքականութիւնը եւ կազի ու ելեկտրականութեան գիներու աճը այս նահանջին պատճառները կը նկատուին: Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը հաւանականութիւնը ունի ստանալու քուէներուն 22.3 տոկոսը, իսկ իր դիրքը բարելաւած Ազգայնական շարժումը՝ 16.7 տոկոսը:
– Նիւ Եորքի Մենհեթըն շրջանին մէջ գտնուող «One57» շէնքի նկուղին մէջ, 50 քառակուսի ոտք պահեստանոցի մը արժէքը 200,000 տոլարի հասած է, մինչ Միացեալ Նահանգներու տարածքին առանձնատան մը միջին գինը 166,200 տոլար է: