ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, ռուսական պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ իշխանութիւնը ծայրայեղականներուն ձեռքը անցնելու վտանգէն: Մետվետեւ ըսաւ. «Արաբական աշխարհին մէջ կացութիւնը անկայուն է, եւ այդ շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ ծայրայեղականները կը փորձեն իշխանութեան տիրանալ, սակայն (եթէ իրենց նպատակը իրագործեն) անոնց հետ աշխատիլը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ. ատիկա աղէտալի կրնայ ըլլալ»:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ շահեր ունի եւ կը ջանայ անոնց հետ բարեկամական ու առեւտրական յարաբերութիւններ մշակել՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա կ՛ուզէ իր քաղաքային եւ զինուորական արտադրութիւններուն շուկայ ստեղծել: