ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմինը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահոված կուսակցութիւնը քննարկեց յետընտրական զարգացումները: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան գործադիր մարմինի նիստէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցին, յայտնեց, որ խառն, համաձայնական կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում չկայ:
ՀՀԿ գործադիր մարմինի յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Մայիս 24ին: