ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Արդէն տասը տարիէ ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան 69 դպրոցներուն մէջ Փարիզի «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնը եւ Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական-ուսումնական կեդրոնը կը կազմակերպեն արեւմտահայ լեզուի ուսուցման դասընթացքներ: Գեղարքունիքի մարզին մէջ այդ դասընթացքները կազմակերպուած են 2010-11 եւ 2011-12 ուսումնական տարիներուն:
«Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի պատասխանատուներէն Քնարիկ Աբրահամեան յայտնած է, որ արեւմտահայերէն լեզուի ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ընթացքին մրցում կը յայտարարուի, եւ յաղթողները կը ստանան իրենց հաստատութիւններուն մէջ արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդման իրաւունք: Նման դասեր կը տրուին միջնակարգ 8րդ կամ աւագ դպրոցի 10րդ դասարաններուն՝ շաբաթական 4 ժամ տեւողութեամբ, 2 ժամ՝ հայոց լեզու եւ 2 ժամ՝ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւն: Ծրագիրին կը վերահսկէ Փարիզի «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութեան նախագահ, Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր Հիլտա Գալֆայեանը եւ Երեւանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանը:
Ցարդ Գեղարքունիքի մարզին մէջ Արեւմատահայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցում տրուած է Ճամբարակ քաղաքի 3 դպրոցներուն մէջ, Ձորագիւղի հիմնական, Ակունքի, Մեծ Մասրիկի միջնակարգ, Վարդենիսի եւ Վարդենիկի աւագ դպրոցներուն մէջ: Մրցումին շահած դպրոցներուն ցանկին վրայ է նաեւ Կարմիրգիւղի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը, ուր նշուեցաւ ծրագիրի փակումը: Արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիրի փակման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է 18 Մայիսին Կարմիրգիւղի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցին մէջ՝ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սեդա Ասատրեանի կողմէ:
Մանկավարժական անձնակազմին, ծնողներուն եւ հիւրերուն ներկայութեան դպրոցին աշակերտները հանդէս եկած են արտասանութիւններով՝ արեւմտահայ բանաստեղծութիւններէն եւ արձակէն, երգեր մեկնաբանած են արեւմտահայ լեզուով: Հանդիսութեան աւարտին մանկավարժները եւ ծնողները շնորհակալութիւն յայտնած են նման հայրենասիրական նախաձեռնութեան համար եւ խնդրած են, որ արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցման ծրագիրը շարունակուի: Քնարիկ Աբրահամեան հաստատած է, որ արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիրի ղեկավարները առաջարկած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան՝ արեւմտահայերէն լեզուն եւ գրականութիւնը աւագ դպրոցներու ծրագիրներուն մէջ ներառել՝ իբրեւ պարտադիր ուսուցման առարկայ: