
Սիրելի՛ խմբագիր,
Կը գրեմ ամբողջապէս բաժնելու «Ասպարէզ»ի Երեքշաբթի օրուան թիւին մէջ լոյս տեսած արձակագիր մեր ընկերոջ Գէորգ Պետիկեանի՝ «Մենք Եւ Մեր Հաւատքը» փորձագրութիւնը, որ հարազատ նշտրակումն է մեր հաւատքի տաճարներէն ներս տիրող նիստուկացի ու կարգապահութեան ողորմելի վիճակին։ Բողոքի ու ցասման արտայայտութիւն եղող սրտցաւ գրութիւն մը, արդարեւ՝ ցաւի ճիչ մը, ուր մեր բարեկամը յաջողեր էր խորացումներու հասցնել հաւատքի հետ առնչուող առօրեայ մեր տագնապներն ու Աստուծոյ տաճարէն ներս մեր աչքերուն պարզուող տգեղ երեւոյթները։
Ոեւէ տագնապող հայ գրող, սիրով պիտի ստորագրէր Պետիկեանի խորաթափանց այս գրութիւնը։
Մեզմէ անոնք, որոնք կիրակնօրեայ պաշտամունքի, Սուրբ պատարագին եւ հայերէն շարականներու թովչանքին մէջ կը փնտռեն հոգեկան իրենց խաղաղութիւնը, լիովին պիտի բաժնեն այն ցաւը, զոր գիտակից քրիստոնեան կ՛ապրի՝ ի տես հոգեւոր իրենց կրթութեան մէջ թերի մնացած հասուն տարիքի անհատներու պահուածքին, Աստուծոյ տաճարէն ներս, երբ անոնք «Alex Theater» ու թատրոն մտնելու անհոգութեամբ կը խանգարեն եկեղեցւոյ տաճարը, իր լրումին հասնող պատարագն ու առ Աստուած ձօնուող միւռոնաօծ շարականներու միստիկ գեղեցկութիւնը։
Գէորգ Պետիկեանի բացայայտած տիպարներուն եւ ընդհանրապէս նորեկ մեր հայրենակիցներուն մօտ, կարելի է հանդիպիլ այն սխալ համոզումին, թէ հոգեհանգիստը, որուն առ հասարակ հրաւիրուած կ՛ըլլան ներկայ գտնուելու, Ս. պատարագէն բոլորովին անջատ արարողութիւն մըն է, որուն կրնան վերջին պահուն մասնակցիլ՝ հաւատացեալները հրմշտկելով եւ անտարբերօրէն յառաջանալով մինչեւ խորան, հանգուցեալին պարագաներու աչքը մտցնելու իրենց թանկագին ներկայութիւնը։
Մեր կղերը, իր քիչ մը վերացական քարոզները կարճ կտրելով՝ այս երանելիներուն ինչո՞ւ չի բացատրեր, որ առանց Ս. պատարագի, հոգեհանգիստը իր իմաստէն շատ բան կը կորսնցնէ… Ս. պատարագն է, որ իր հոգեպարար արարողութեամբ ու օծուն շարականներով կ՛իմաստաւորէ հոգեհանգիստը՝ հանգուցեալին ու անոր անմիջական պարագաներուն աղօթքները երկինք բարձրացնելով ու հոգիներուն հանգիստ պարգեւելով։
Ուրիշ անհեթեթութիւն մը եւս.
Պատարագի ժամանակ տաճար մտնելով ու մոմ վառելով, ոմանք քրիստոնէական կիրակնօրեայ իրենց պարտականութիւնը կատարած կը համարեն իրենք զիրենք, ապա, ոգիներէ հալածուածի նման եկեղեցիին բակը կը նետուին՝ ծխելու «հեթանոսական» արարողութիւնը շարունակելու։ Եւ այս մարդիկը կը յաւակնին առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին շառաւիղները եղած ըլլալ…
Կայ նաեւ Ս. հաղորդութեան քաոսային պահը։ Օրէնքով՝ առաջին նստարաններէն կը սկսի հաւատացեալներու հոսքը դէպի խորան ու դէպի պատարագիչ քահանայ։ Իսկ անոնք, որոնք ընդհանրապէս զուրկ են քրիստոնէական դաստիարակութենէ, ետեւի շարքերէն կը խուժեն դէպի Ս. խորան, արեւելեան բաղնիքի հետ շփոթելով Աստուծոյ տունը։
Եօթը տարեկան հասակէն, երբ մայրապետներու հսկողութեան տակ Առաջին հաղորդութեան կը պատրաստուէինք, մազ ու մօրուք ճերմկցուցածներէ աւելի լաւատեղեակ ու գիտակից էինք եկեղեցւոյ Ս. խորհուրդներուն եւ հոն տիրող նիստուկացին։ Հարց կու տանք՝ ինչո՞ւ կարգ մը ազգային վարժարաններէ ներս գրեթէ դադրեցուցած ենք քրիստոնէականի ուսուցումը։
Երբեմն պատահած է որ «Առէ՛ք՛ Կերէ՛ք»ի ատեն, եկեղեցի խուժեն հոգեհանգիստի մասնակցելու եկած հիւր հաւատացեալները, եւ անգոսնելով պահուն սրբութիւնն ու միստիկ էութիւնը՝ մինչեւ խորան յառաջանան, իրենց կրունկներուն աղմուկով խանգարելու «Սուրբ Սուրբ» շարականէն մեր հոգիները թափանցող ու պատարագի ամէնէն վեհ պահը հանդիսացող՝ հացին ու գինիին՝ Քրիստոսի մարմինին ու արեան կերպարանափոխումը կամ սրբագործումը։
Իսկ մեր գրող ընկեր Պետիկեանը զայրացնող ու գայթակղեցնող պիղծ արարքը՝ նո՛յն տաճարի յարկին տակ տարուող երկխօսութիւնը զոյգ մը բարեպաշտ հայուհիներու միջեւ, սրբապղծութիւն մըն է, որ կը քայքայէ մարդուս եւ մասնաւորապէս Քրիստոնեայ հայու մեր հաւատամքն ու մտային թռիչքը։
Կը կարծենք, թէ որոշ խաւի մը համար հեռուստատեսիլով պէտք է ուսուցուի եկեղեցական ու քրիստոնէական պաշտամունքի խորհրդանշական իմաստը, կանոններն ու նիստուկացը, կամ ալ՝ մոռնանք առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը եղած ըլլալու փառապսակը։
Իրենք զիրենք լուրջ համարած հասուն մարդիկ, եկեղեցիէն ու ժողովասրահէն ներս կենցաղային նիստուկացի իրենց տգիտութիւնը առաքելութեան վերածած ու սրբագործած ըլլալով՝ քայլ մը իսկ յառաջդիմելու խոնարհութիւն ցոյց չեն տար։ Մարդ էակը, նոյնիսկ խոր ծերութեան մէջ, ատակ է սորվելու եւ բարելաւուելու։
Անուղղաները բուռ մըն են, որոնք իրենց աղմկոտ ներկայութեամբ, նիստ ու կացի հանդէպ բացարձակ անհոգութեամբ, վատ անուն կու տան բոլոր նորեկներուն։
Ընկերական ջերմ բարեւներով՝
Պօղոս Գուբելեան