ԱԹԷՆՔ.- Կիրակի, 13 Մայիսին, Գոմոթինիի եկեղեցւոյ կից գտնուող մշակութային սրահէն ներս գումարուեցաւ Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ Հայ Գթութեան Խաչի 42րդ Պատգամաւորական ժողովը, ի ներկայութիւն ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհի Լիզա Աւագեանի, ՀԳ Խաչի հինգ մասնաճիւղերէն ժամանած պատգամաւորներու, Շրջանային վարչութեան անդամուհիներու եւ հիւրերու:
Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայ Գթութեան Խաչի բարեսիրական, խնամատարական, կրթական բազմակողմանի գործունէութեան երեսներուն, քննարկեց անցնող տարեշրջանի աշխատանքներու արդիւնքը եւ ծրագրեց յառաջիկայ գործունէութեան ընդարձակ դաշտը:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմը, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն համար պիտի վարէ ու համադրէ ՀԳ Խաչի աշխատանքները: