ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցած Գիրքի 38րդ միջազգային ցուցահանդէսին, ուր առանձին տաղաւարով ներկայացուած էր Հայաստանը, 1 Մայիսին նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրը:
Օրուան կեդրոնական ձեռնարկը, որ կը վայելէր Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութիւնը, տեղի ունեցաւ «Խօսէ Ֆերնանտեզ» սրահին մէջ: Ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական Յ. Եակոբեանն ու Պուէնոս Այրես քաղաքի մշակոյթի նախարար Էրնան Լոմպարտին, որոնք անդրադարձան Երեւանը 2012ին Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելու փաստին եւ այդ առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, նաեւ՝ երկու երկիրներու մշակութային կեանքին մէջ գիրքին ունեցած կարեւոր նշանակութեան:
Նախարար Լոմպարտի Երեւան կատարած իր այցելութիւնը բնութագրեց որպէս բազմաբովանդակ եւ անմոռանալի: