
19 Մայիսը, աշխարհասփիւռ յոյն ժողովուրդին եւ քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան համար, Պոնտոսի յոյներուն դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան միջազգային ոգեկոչման օրն է: Աւելի քան կէս միլիոն պոնտոսցի յոյն զոհ գացած է թրքական իշխանութեանց գործադրած ցեղասպանութեան, որ միեւնոյն բեմագրութեամբ եւ վայրագրութեամբ կատարուեցաւ նոյնպէս ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ յոյներուն, ե՛ւ ասորիներուն դէմ:
Պոնտոսի յոյները վերջին տասնամեակին ընթացքին աշխոյժ աշխատանք կը ծաւալեն՝ պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ: Հակառակ հարցի արծարծման կարճ ժամանակին, այս ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին մեծ ոստումներով կը յառաջանայ Յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը, յատկապէս ԱՄՆի եւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր յունական մեծաթիւ համայնքներ գոյութիւն ունին:
Յունաստանի մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի երկար տարիներու նախանձախնդիր ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղած է բազմիցս համագործակցութիւններ հաստատել պոնտոսցիներու եւ ասորիներու ներկայացուցիչներուն հետ, ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ:
Այս տարի Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը պատշաճ կերպով նշուեցաւ Յունաստանի մէջ. արդարեւ, Աթէնքէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ եւ այլ տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուեցան յիշատակի ձեռնարկներ:
Այս առիթով, պոնտական միութիւնները ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպած էին անցեալ շաբաթավերջին, Աթէնքի մէջ: Այլոց կարգին, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ոգեկոչական այդ ձեռնարկներուն: Շաբաթ, 19 Մայիսի երեկոյեան, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ տրուեցաւ համերգ մը եւ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչական ելոյթ մը, որուն ներկայ եղան ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Դաւիթ Պետրոսեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Գրիգոր Ճանիկեան:
Կիրակի, 20 Մայիսի առաւօտեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Իէրոնիմոս սրբազանի նախագահութեամբ, իսկ կէսօրին քայլարշաւ տեղի ունեցաւ դէպի Սինտաղմայի Անծանօթ Զինուորի հրապարակը, ուր դափնեպսակներու զետեղման արարողութիւն նախատեսուած էր: Դափնեպսակ զետեղեց նաեւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը՝ յարգելով Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Դափնեպսակներու զետեղման արարողութեան յաջորդեց քայլարշաւ, դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, ուր Յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող յուշագիր մը յանձնուեցաւ:
Նաեւ, ոգեկոչական նոյն ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 18 Մայիսի երեկոյեան, Իլիոնի քաղաքապետութեան կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, ուր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գէորգ Աւագեան:
Թեսաղոնիկէի մէջ եւս կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկներուն ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Գունտաքճեանը, որ ծաղկեպսակ զետեղեց զոհերու յիշատակին:
Համագործակցութեան այս բոլոր նախաձեռնութեանց եւ ելոյթներուն ընթացքին, միշտ շեշտուած է, թէ մարդկութեան դէմ գործուած այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման միակ միջոցը՝ միասնական ու ամուր ռազմավարութեան մը որդեգրումն է:
Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ, Հայաստանի մէջ յունական համայնքը նոյնպէս, Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպանի տեղակալ Վասիլիքի Տիքոփուլուի գլխաւորութեամբ, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ ծաղկեպսակ զետեղելով անմար կրակին մօտ: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը մատուցուեցաւ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով:
Վերջին տարիներուն, Մայիս 19ին, յունական համայնքի պատուիրակութիւնը յաճախ կը բարձրանայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր կը դիմաւորուի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կողմէ: Այս տարուան հոգեհանգիստին ներկայ գտնուած է նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Է. Շարմազանով, որ յունական ծագում ունի: