Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2012ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներէն միայն մի քանին ընտրուած էին իրենց լաւագոյն պարբերութիւնները ներկայացնելու համար: Մենք առիթը ունեցանք «Հորիզոն»ի ուղիղ սփռումի յայտագիրին մաս կազմելու եւ հարցազրոյցի մը ներկայ գտնուելու: Երբ անհամբեր կը սպասէինք, բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուս աչքերուն մէջ տարբեր փայլք մը կար, եւ այդ փայլքը ոչ միայն զիս կը խանդավառէր, բայց նաեւ հոգիս կը լեցնէր անսահման հրճուանքով:
Հերթը արդէն հասած էր հանդիսանալու. քիչ մը մտահոգ, բայց նոյն ժամանակ խանդավառ կը պատրաստուէինք հանդիսանալու: Երբ մեր հարցազրոյցը աւարտեցաւ, դուրս եկանք եւ ուրախութեամբ լեցուած՝ չէինք ուզեր տուն վերադառնալ: Այս բոլորին համար առաջին հերթին մենք կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել տիկին Մարալ Արնէլեանին, որովհետեւ մեր երազանքը իրականացուց: Երկրորդ՝ մեր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք վարժարանի տնօրէնուհիին՝ դոկտ. Ալինէ Դուրեանին, որ իր քաջալերանքներով մեզի առիթը ընծայեց, որ մեր յայտագիրը ցուցադրուի:
Վերջապէս, շնորհակալական խօսք ունինք «Հորիզոն»ի հեռուսատակայանի կազմին, որովհետեւ իրենք էին, որ մեզ սիրալիր ընդունեցին եւ պրն. Մանուկ Սէրայտարեանին առաջնորդութեամբ թոյլ տուին, որ հայկական կայանի ուղիղ եթերին ներկայ ըլլանք: Հոգեկան չափազանց գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձանք մեր տուները: Այս փորձառութիւնը մեր բոլորին համար պիտի ըլլայ անմոռանալի յիշատակ մը: