
Կիրակի, Յունիս 10ին, կ.ե. ժամը 1ին, տոքթ. Մարտիրոս Միհրանեան հիւր դասախօսը պիտի ըլլայ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, որ կը գտնուի 6252 Honolulu Ave. La Crescenta հասցէին, դասախօսելու «Առողջութիւնն ու սննդագիտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ» նիւթին մասին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահէն ներս:
Տոքթ. Միհրանեան պիտի քննարկէ սննունդի դերը՝ առողջութեան պահպանման եւ հիւանդութեան դէմ դնելու ջանքերուն մէջ։ Ան պիտի խօսի մարմինի քիմիական պահանջքին եւ հաւասարակշռութեան մասին, տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ սննդամթերքներու բաղադրամասերուն վերաբերեալ եւ լուսաբանէ՝ պատրաստի ճաշերու վրայ տպուած գրութիւնները:
Տոքթ. Միհրանեան պիտի ներկայացնէ նաեւ ուղղեցոյցը առողջարար սնունդի տեսակներուն, քաղցկեղի ու սիրտի հիւանդութիւններու առաջքը առնելու։
Միջերկրականեան ճաշերու օգտակար ըլլալը, որուն մասին ակնարկուած է Աստուածաշունչին մէջ, պիտի բացատրուի տոքթ. Միհրանեանի կողմէ՝ Ս. Գիրքէն մէջբերումներով։ Հիւր դասախօսը նոյնպէս պիտի ներկայացնէ ծոմապահութեան դերը մարմինի առողջութեան վրայ:
Տոքթ. Մարտիրոս Միհրանեանի մասնագիտութիւնն է ընդհանուր վիրահատութիւն. ան ներկայիս կը ծառայէ Կլենտէյլի զանազան հիւանդանոցներու մէջ։ Իր բժշկութեան տիտղոսը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, 1975ին, որմէ ետք յաճախած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղը, (1975-1981) եւ «Մեմորիըլ Սլոն Քեթըրինկ» քաղցկեղի կեդրոնը (1981-1983)։ Տոքթ. Միհրանեան զանազան վիրահատներու եւ բժշկական միութեանց գործունեայ անդամ է: Ան ամուսնացած է տոքթ. Սիւզըն Չօպանեանի եւ ունի երկու զաւակ։
Տէր եւ տիկին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեանները կը հովանաւորեն Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած այս յայտագիրը: Մուտքը ազատ է եւ հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ յաւարտ Ս. պատարգի, որ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 11ին, Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի հովուական ծառայութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝
յանձնախումբէն)