
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ծրագիրներու մասնակցելով եւ համայնքային հանդիպում մը կազմակերպելով՝ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը անգամ մը եւս շեշտեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը:
Արդարեւ, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի ներկայացուցիչ Շանթ Յակոբեան ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղի ուսանողներուն առջեւ, իսկ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի Հարաւային Քալիֆորնիոյ պատասխանատու Սիւզեն Տուզմանեան ելոյթներ ունեցաւ Փասատինայի ՀՕՄի ու «Վարդանանց Ասպետներ»ու ձեռնարկներուն ընթացքին՝ ներկայացելով Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու նպատակով տարուած աշխատանքները:
Իր կարգին, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան գլխաւոր բանախօսն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին:
Ապա, Ապրիլ 30ին, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն բանախօսն էր ցեղասպանագէտ փրոֆ. Ուղուր Էօնկիւր, որ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան միջոցաւ՝ հայերէն թուրքերուն փոխանցուած հարստութեան մասին: Ամսթերտամի համալսարանէն ցեղասպանագիտութեան մարզին մէջ դոկտորի կոչում ստացած, թրքական ծագումով Եւրոպա հասակ նետած բանախօսը, Ցեղասպանութեան տնտեսական այս հետեւանքին մասին երկու հատորներու հեղինակ է: Անոր ներկայացումը կարելի է դիտել www.facebook.com/genedpro կամ http://youtu.be/Dymso_Wr5RM կայքէջին վրայ: