ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Սերունդներու վրայ երկարող փորձառութեանց շնորհիւ, կոյր ձեւանալը բնածին յատկութիւն մը դարձած է թուրք քաղաքական գործիչներուն համար, որոնց տիպար ներկայացուցիչներէն մէկն է Թուրքիոյ ներկայ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը: Ցոյց տալով, թէ Անգարա իր ուրացման քաղաքականութիւնը վերապահած չէ միայն անցեալի իրադարձութեանց համար՝ Էրտողան հարցազրոյցի մը ընթացքին փորձած է ուրանալ նոյնիսկ ներկայ իրադարձութիւնները: Սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ ան գոնէ տարբեր ոճով փորձած է ընել, այն ինչ, որ նախկին թուրք ղեկավարները կ՛ընէին՝ քրտական տագնապը չտեսնելու համար: Քրտական հարցին մասին լրագրողի մը կատարած հարցումին ուղիղ պատասխան մը տալու փոխարէն, Էրտողանը յայտարարած է. «Թուրքիոյ մէջ այլեւս քրտական խնդիր չկայ, այլ կայ ահաբեկչութեան խնդիր, կայ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան խնդիր»՝ պնդելով, թէ մէկը միւսին պէտք չէ խառնել՝ սակայն առանց յստկացնելու, թէ իր իսկ կողմէ խնդիր նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ուրկէ՞ ծագած է, որովհետեւ նման պարզաբանում մը պարզապէս ծիծաղելի պիտի դարձնէր իր հաստատումը:
Էրտողան աւելի անդին անցնելով՝ պնդած է, թէ «հասարակ քիւրտ քաղաքացիներու իրաւունքները միշտ պաշտպանուած են երկիրին մէջ». հաստատում մը, որ նոյնիսկ թուրք քաղաքացիներու պարագային չի համապատասխաներ իրականութեան:
Անցեալի ու ներկայի իրողութիւնները ուրանալու կողքին, Թուրքիոյ իշխանութիւնները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն ապագան իրենց ուզածին պէս «գրելու» եւ իրենց շահերուն յարմարեցնելու աշխատանքներուն, որպէսզի դիւրացնեն ուրացման ապագայի աշխատանքը: Այդ ծիրէն ներս, Անգարայի ձեռքը գտնուող կարեւորագոյն զէնքերէն մէկն է դատական համակարգը, որ Հինգշաբթի, Յունիս 7ին դարձեալ փաստեց, թէ «որքանո՛վ մօտ է Եւրոպայէն պահանջուող խօսքի ազատութեան չափանիշերուն»:
Արդարեւ, ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի, թրքական ատեան մը որոշած է 8.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտել երկու ուսանողներ, պարզապէս, որովհետեւ անոնք 2010ի Մարտ 14ին, թրքական համալսարանի մը մէջ Էրտողանի ելոյթներէն մէկուն ընթացքին բարձրացուցած էին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Ձրի կրթութիւն կը փափաքինք»: Միջադէպէն ետք ուսանողները ձերբակալուած էին եւ անոնց դէմ դատ բացուած էր՝ «ահաբեկչական խմբաւորման մը անդամակցելու» ամբաստանութեամբ: