Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ի հիմնադրութիւնը, որուն նպատակը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելն է Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարաններուն:
«Սուրիոյ մէջ զարգացող ցաւալի դէպքերը բնականաբար խանգարած են կեանքի բնականոն ընթացքը: ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաւատայ, որ վարժարաններու բնականոն գործունէութեան ապահովումը կարեւորագոյն երաշխիքն է հայ մատղաշ սերունդի առօրեան բնականոն հունի մէջ պահելու», յայտարարեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Ռէիսեան:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան յաւելեալ բացատրութիւն տուաւ ծրագիրի մասին՝ շեշտելով, որ միութիւնը ժամանակ մը առաջ անդրադարձած էր, որ Սուրիոյ դէպքերուն հետեւանքով տեղի հայութիւնը ընկերային եւ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ կրնայ յայտնուիլ: Յետ քննարկումներու, Կեդրոնական վարչութիւնը յարմար նկատած էր ՀՕՄի օժանդակութիւնը կեդրոնացնել սուրիահայ վարժարաններուն վրայ՝ շեշտելով, որ այդ օժանդակութիւնը յատկացուի «կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներուն»: Այդպիսով, թէ՛ կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներու բեռը կը թեթեւնայ, թէ՛ վարժարաններու գործունէութեան շարունակականութեան նպաստած կ՛ըլլայ ՀՕՄը:
«Մեծապէս գնահատելի է Կեդրոնական վարչութեան այսօրինակ ֆոնտի մը յառաջացման որոշումը», յայտնեց ՍՕԽի ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեան: «Երկրին դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը ազդած է նաեւ հայ համայնքին վրայ. ՍՕԽի խնամատարական յանձնախումբէն նպաստ ստացող ընտանիքներու եւ կրթական ֆոնտի սաներու թիւը կրկնապատկուած է անցնող տարեշրջանին: Համոզուած ենք, որ մինչեւ յառաջիկայ Սեպտեմբեր ՀՕՄի աշխարհատարած միաւորները իրենց անկարելին կարելի պիտի դարձնեն՝ առաւելագոյն օժանդակութիւնը ցուցաբերելու սուրիահայ կրթական օճախներուն եւ այդ ճամբով՝ սուրիահայութեան: Կասկած չունինք, որ այլ կարիքներու պարագային եւս աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու ՀՕՄի համահայկական ընտանիքը դարձեալ մեր կողքին պիտի կանգնին, դուրս գալու այս ճգնաժամէն», եզրակացուց ան:
«Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ին նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել ՀՕՄի բոլո՛ր տեղական մասնաճիւղերուն ու շրջանային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի կայքէջի (http://www.ars1910.org) ճամբով: Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի պահուին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան մօտ, եւ 2012-2013 դպրոցական տարեշրջանի նախօրեակին պիտի փոխանցուին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, անոր տնօրինումով յատկացուելու համար տեղի հայկական վարժարաններուն, թեթեւցնելու համար սուրիահայ ծնողքին բեռը: