ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քաղաքական ռումբի մը պէս, Յունիս 12ին, պայթեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կից գործող Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) տարածած յայտարարութիւնը՝ ՀՀ նախորդ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի դէմ յարուցուած քրէական դատին եւ ձեռնարկուած նախաքննութեան մասին։
Իրաւաբանական եզրերով ու մասնագիտական յղումներով ձեւակերպուած ԱԱԾի յայտարարութեան թէեւ քաջածանօթ է արդէն հանրային կարծիքը, այսուհանդերձ՝ դժուար է ճշդել, թէ հասարակ մահկանացուներուս ո՞ր տոկոսը ստուգապէս բան կը հասկնայ ԱԱԾի ամբաստանագրին շարահիւսութենէն…
Յստակ ու հասկնալի է մէկ բան. Վարդան Օսկանեան եւ իր հիմնած «Սիվիլիթաս» բարեգործական հիմնարկութիւնը կը մեղադրուին «դրամ լուալու» ծանր յանցագործութեամբ։
Կարիքը չկայ խորամոյն ըլլալու յայտարարութեան օրէնսգիտական մանրամասնութիւնները եւ հիմնաւորումները վերծանելու ապերախտ գործին մէջ, որովհետեւ միայն դատախազութիւնն ու իրաւապաշտպանները ըստ էութեան ծանօթ են հարցին ու թղթածրարին։ Իսկ նախաքննութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է եւ շուտով յայտնի կը դառնայ, թէ իրաւունքն ու արդարութիւնը որո՞ւ կողքին են։
Մինչ այդ պարզէն ալ աւելի պարզ է, որ եղածը քրէական գործի մը յարուցման սահմաններէն շատ անդին անցնող պատերազմի յայտարարութիւն մըն է, որուն պատուիրատուն Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնն է, իսկ թիրախը՝ նոյն այդ իշխանութեան ընդդիմախօսներէն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորական նորընտիր խմբակցութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը։
Հայաստանի նախորդ արտաքին գործոց նախարարը առաջինը ինք բացայայտեց իր դէմ կատարուած մեղադրանքն ու բացուած քրէական դատի նախաքննութիւնը։ Վարդան Օսկանեան ոչ միայն ինքնարդարացման փորձ չկատարեց հրապարակաւ, այլեւ քաղաքական պատուէրի վերագրեց «բարի գործ մը» այդպէս՝ «փող լուանալու» ամբաստանութեամբ արատաւորելու այսօրուան իշխանութեանց նախաձեռնութիւնը։
Անշուշտ գործ ունինք քրէական յանցագործութեան մեղադրանքի հետ եւ ոչ մէկ հիմնաւոր տուեալ կամ անհերքելի ապացոյց ունինք, որպէսզի արդարացնենք մեղադրեալը։
Բայց ուշագրաւ է, որ ԱԱԾի յայտարարութիւնը անմիջապէս բուռն դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուց Հայաստանի ներ– քաղաքական դաշտին մէջ՝ ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ իշխանութեանց ձեռնարկած քաղաքական հալածանքի վտանգաւոր քայլին դէմ ահազանգ հնչեցնելով։
Անշուշտ նախագահական այս իշխանութեան նորանուն պաշտպաններէն Է. Շարմազանով անմիջապէս փութաց պաշտպանելու ԱԱԾի քայլին «օրինականութիւն»ը՝ դիտել տալով, թէ իբր շատոնց անցեալին կը պատկանի քաղաքական նկատառումներով հետապնդումի եւ հալածանքի դարաշրջանը։ Բայց կը բաւէ ելեկտրոնային մամուլի հակազդեցութիւններուն վրայ նոյնիսկ արագ ակնարկ մը նետել՝ համոզուելու համար, որ եղածը քաղաքական նախաձեռնութիւն մըն է եւ, ըստ ամենայնի, պատերազմի յայտարարութիւն մըն է ուղղուած Սերժ Սարգսեանի ՀՀ նախագահ վերընտրութեան ընդդիմացող… ուժերուն եւ մրցակիցներուն։
Վստահաբար չէր առաջանար նման հակազդեցութիւն, եթէ ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը քաղաքական խաթարուածութեան՝ «կոռուպցիա»ի դէմ արթուն պահակի իր կոչման բարձրութեան վրայ գտնուելու համոզիչ ապացոյցը տար։ Այսինքն՝ Օրէնքի խստապահանջութեան ամբողջ ուժը ուղղէր ստուերային տնտեսութեան բուն տէրերուն եւ «դրամ լուալու» յանցագործութեան առանձնաշնորհումը «օրինականօրէն» վայելող յանցագործներուն դէմ։
Մինչդեռ իշխանութեան պատուէրով կամ պաշտօնատարական ծառայամտութեան հետեւանքով՝ եղածը փաստօրէն կը յատկանշուի քուլիսային դաւադրութիւն մը սարքելու եղանակով։ Սնանկացած վաճառականի պէս հին տետրակներ բանալու, խծբծուած հաշիւներ քրքրելու եւ հին պարտքեր վերականգնելու ախորժակ մը կը մատնէ պատերազմի այս յայտարարութիւնը, որ մեռեալ ծնունդ մըն է ըստ ամենայնի՝ իբրեւ 2013ի նախագահական ընտրութեանց յառաջացող ընթացքը իշխանութեանց հակակշռին տակ առնելու հակա–օրինական շահախնդիր քայլի։
Արհամարհելի չեն, անշուշտ, նախագահական այս իշխանութեան «վարպետութիւն»ն ու «հնարամտութիւն»ը պետական լծակները սեփական հաշիւներուն ծառայեցնելու ասպարէզին մէջ, ո-րուն ականատեսը ե-ղանք խորհրդարանական վերջին ընտրութեանց առիթով՝ Մայիս 6էն շատ առաջ, Մայիս 6ի օրը եւ անկէ ասդին։ Բայց ինչպէս որ հայրենի հրապարակագիր մը վերջերս դիտել կու տար, նախագահական այս իշխանութեան ձեռք բերած աւելի քան վեց հարիւր հազար քուէները կը նմանին թուղթէ վագրերու, որոնք 2013ին կրնան չօգնել…
Հայ քաղաքական մտքին համար ողբերգութիւնը շատ անդին կ՛անցնի նախագահական թեկնածուի մը իշխանական մեքենայութիւններէն։ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրինականութեան գերագոյն պահակը փաստօրէն կը հասկցնէ բոլորիս, որ եթէ «կոռուպցիա»ի դէմ պայքար կ՛ուզէք, ահա՛ ձեզի տամ խօսուն օրինակը ՀՀ նախորդ արտաքին գործոց նախարարի… օրինազանցումներուն։
Իսկ ո՞վ պիտի մերկացնէ եւ օրինական պաշտպանութենէ զրկէ մեծ օրինազանցները, որոնք կը վխտան իշխանութեան վերեւները։
Աւելի՛ն. իշխանութիւնը փաստօրէն որոշած է, օրէնքի խստութեան ամբողջ ուժով, դատի տալ եւ վարկաբեկել քաղաքական գործիչ մը, որ անցեալ Ապրիլին, խորհրդարանական ընտրապայքարի բուռն մէկ պահուն, հետեւեալ ահազանգը կը հնչեցնէր կառավարման ներկայ համակարգի խաթարուածութեան դէմ.
– «Հիմա արդէն բոլորի համար պարզից էլ պարզ է, որ քաղաքական մենաշնորհի գոյութիւնն է ծնում պետութեան եւ հասարակութեան համար վտանգաւոր շատ ու շատ արատներ: Այո՛, հէնց քաղաքական մենաշնորհն է պատճառը, որ երկրում կայ անարդարութեան ու անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ. քաղաքական մենաշնորհն է, որ ծնում եւ սնում է տնտեսական մենաշնորհը, ինչը կործանում է երկրի տնտեսական համակարգը եւ խոչընդոտում տնտեսական աճը: Քաղաքական մենաշնորհի պատճառով է, որ Հայաստանում օրէնքի առաջ ոչ բոլորն են հաւասար: Այդ նոյն մենաշնորհն է, որ մարդուն դարձնում է հպատակ եւ ոչ թէ հպարտ քաղաքացի, որը, ի վերջոյ, արտագաղթում է երկրից»:
Ողբերգութիւնը այն է, որ նոյնինքն քաղաքական մենաշնորհներու դէմ պայքար մղելու սկզբունքը վարկաբեկելու փորձ կը կատարուի «օրինականօրէն»։
Եւ այդ պատճառով է, որ նեխած դիակի պժգալի հոտ կու գայ պատերազմի այսօրինակ յայտարարութենէն։