ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ուսումնական տարեվերջի այս օրերուն, ամրան տաք եղանակի արագընթաց մագլցումի բնական հոսանքին հետ, ջերմութեան տարբեր՝ ոգեղէ՛ն լիացման ալիք մը կը համակէ նաեւ հայ կեանքը, կը զովացնէ մեր բոլորին ներաշխարհը։
Ծնողը արդար հպարտութեամբ կ՛ապրի իր պարտքը կատարած մարդու գոհունակութիւնը՝ ի տես զաւկին կտրած յառաջխաղացքին դէպի աղբիւրը լոյսին երկարող ճամբուն վրայ։
Ուսուցիչը վերանորոգ ինքնավստահութեամբ իր շրջապատին կը հրամցնէ արգասիքը տարուան մը աշխատանքին, որ ամէնօրեայ հոգեմաշ հեւք պահանջելով հանդերձ՝ սերնդակերտումի իր կոչումին ու լուսաւորումի իր առաքելութեան տէր կանգնած ըլլալու խորագոյն բաւարարութեան զգացումով կը թեթեւցնէ ամէն խոնջանք։
Իսկ աշակերտ–ուսանողը, կեանքին սքանչացումով փարելու եւ դէպի աղբիւրը լոյսին վազքը շարունակելու իր մատղաշ խանդավառութեամբ, կը բարձրանայ ամավերջի հանդէսին բեմը, որպէսզի մինչեւ իր վկայական ստանալը՝ թէ՛ ծնողին, թէ՛ ուսուցիչին վերադարձնէ իր միտքին ու սիրտին մէջ ամբարած լոյսին առաջին շողերը, կեանք լեցնող ու իմաստաւորող ջերմութիւնը։
Ոգեղէն լիացման այսօրինակ պահերը, հասկնալիօրէն, զերծ չեն մնար նորահաս սերունդներուն ապագան ապահովելու, անոնց հայեցի կազմաւորումը ժամանակի կշռոյթին համահունչ զարգացնելու հոգերէն եւ մտատանջութիւններէն, որոնց յաղթահարման սուր մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք ազգովին՝ հայաշխարհի չորս ծագերուն, հայրենի ոստաններէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը։
Նոյնիսկ հայրենի հողի վրայ եւ սեփական պետութեան հովանիին տակ անգամ, հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը պահելու, վերաորակաւորելու եւ մնայուն զարգացման հունով յառաջ մղելու հոգը ծանր կը ճնշէ. դժուարութիւնները բազում են եւ մշտանորոգ։ Նոյնպէս եւ հայեցի կրթութեան ծրագիրներուն ու հայերէն դասագիրքերու արդիականացումը բարւոք լուծումներ կը պահանջէ՝ նորանոր միջոցներու ներդրման ու հնարաւորութիւններու ընդլայնման հրամայականը շեշտելով ամէն քայլափոխի։
Իսկ սփիւռքեան կողմն հայաշխարհի նոյն հոգերուն վրայ գումարուելու կու գան հայապահպանման գործին անձկութիւնները՝ կրթական տարեվերջին պարգեւած հունձքի գոհունակութեան պահերուն խառնելով վաղուան անորոշութեան մեծագոյն մտատանջութիւնը։ Ամէն օճախ ու գաղութ իւրովի կը դիմագրաւէ հայախօսութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու, հայ ուսուցիչ պատրաստելու եւ վերաորակաւորելու, կրթական մշակի ասպարէզը ըստ արժանւոյն գնահատելու եւ գրաւիչ դարձնելու, հայերէնի դասաւանդումն ու դասագիրքերը արդիական մակարդակի բարձրացնելու, մինչեւ անգամ նոյնինքն հայ դպրոցին նիւթական գոյատեւումը ապահովելու ծանր հոգերը։
Կրթական տարեշրջանի աւարտէն ներշնչուած ապրումներու, խորհրդածութեանց եւ մտահոգութեանց այս շրջագիծին մէջ, իր յատուկ տեղը կը գրաւէ հայ կեանքի ազգային ծառայութեան ասպարէզները նոր ուժերով օժտելու եւ վերաթարմացնելու օրակարգը։
Շեշտակի կը դրուի հարցականը, թէ կը պատրաստե՞նք արդեօք լուսամիտ այն մշակներն ու գործիչները, որոնք լոյս պիտի բաշխեն իրենց շուրջ եւ որոնք, իրենց անձնդիր նուիրումով, առաջնորդող օրինակներ պիտի դառնան՝
– հայուն հաւատքը աներեր պահող հոգեւորականի,
– հայկական արժէքներու պաշտամունքն ու նորովի ստեղծումը ներշնչող ուսուցիչի,
– հայ միտքի ու խիղճի տաճարին արթուն պահակ կանգնող հրապարակագիրի
Եւ
– Հայ Դատի պաշտպանութիւնն ու ազգային մեր իրաւունքներուն վերականգնումը կեանքի գնով հետապնդող քաղաքական գործիչի։
Դժբախտ զուգադիպութեամբ մը, քանի մը օր առաջ, Յունաստանի մէջ սգացինք ապաժամ վախճանումը հայ հոգեւորականի արժանաւոր ներկայացուցիչի մը՝ յանձինն Վարագ Աւագ քահանայ Յովսէփեանի։
66ամեայ տէր Վարագը անկեղծ հովիւի առաջնորդող տիպար էր։ Կը հասնէր իրեն վստահուած հօտի հոգեւոր կարիքներուն, ինչպէս եւ իր ուժերուն ներած չափով կարեկից էր ու հոգատար ձեռք՝ հիւանդին, չքաւորին, յուսալքեալին ու մոլորեալին։
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ թրծուած՝ տէր Վարագ հայ գրականութեան, հոգեմտաւոր դպրութեան եւ հայոց պատմութեան անխոնջ ուսումնասիրող մըն էր, որ իր ամբարած լոյսը միայն իրեն չպահեց, անմնացորդ բաշխեց իր շրջապատին, գրեց մամուլի էջերուն, նաեւ ազգային մեր կեանքին մէջ աշխոյժ մասնակիցը եղաւ ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի գործունէութեան՝ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնելով։
Լուսահոգի տէր Վարագի օրինակով կոչեցեալներու պատրաստութեան հրամայականը կը շեշտէ կրթական տարեվերջը։
Երէկ՝ Յունիս 20ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ամավերջի իր հանդէսը պիտի ունենար։
Ստեղծուած աւանդը նոր հունձքով կը հարստանայ եւ երանի այն շրջանաւարտ դպրեվանեցիներուն, որոնք պիտի գան շարունակելու տէր Վարագի օրինակով ընտրեալներու առաքելութիւնը՝ դէպի աղբիւրը լոյսին ուղի բանալու անսակարկ ու ամբողջական նուիրումով։
Ո՛ւր ալ գտնուինք, արդար իրաւունքը ունինք Հայ Դպրոցին եւ յատկապէս Դպրեվանքին նայելու իբրեւ անփոխարինելի հնոցը ազգային ծառայութեան մեր մշակներու հոգեմտաւոր թրծումին, որովհետեւ անձնուէր օրինակով ու անբասիր վարքով՝ լուսամիտ ու լոյս բաշխող նուիրեալներու կարիքը ունինք ամէնուրեք եւ բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօ՛ր։
Կրթական տարեվերջ է եւ դէպի աղբիւրը լոյսին երթը շարունակելու հաւաքական մեր կամքի վերանորոգման պահն է։