ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը նախորդ ամիս որդեգրեց օրէնսդրական փոփոխութիւն մը, որով պիտի դադրեցնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին աջակցութիւնը այն երկիրներուն, որոնք կը հիւրընկալեն Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրը։ Քոնկրեսի անդամները մտադիր են մեկուսացնել եւ արդարադատութեան յանձնել այս բարբարոս ղեկավարը՝ Տարֆուրի մէջ անոր կատարած ոճիրներուն համար:
Քոնկրեսը նման որոշում տուաւ, երբ կարգ մը երկիրներ, որոնց մէջ՝ Թուրքիան եւ Եգիպտոսը, արհամարհեցին Մարտ 2009ի Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ տրուած այն որոշումը, որուն համաձայն՝ Սուտանի նախագահը բանտարկուելու դատապարտուած է՝ Տարֆուրի մէջ ցեղասպանութիւն կատարելուն, ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ ի գործ դնելուն համար։ Ի հեճուկս իրենց ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն, այս երկիրները հիւրընկալած են Պաշիրի այցելութիւնները՝ զայն ձերբակալելու եւ Միջազգային քրէական դատարանին յանձնելու փոխարէն։
Նոյեմբեր 2009ին, երբ Սուտանի նախագահը կը պատրաստուէր Անգարա այցելելու, Միջազգային համաներման կազմակերպութիւնը զգուշացուց. «Թուրքիոյ համար խայտառակութիւն պիտի ըլլայ անոր ապահով ապաստան տալը։ Եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չձերբակալեն եւ Միջազգային քրէական դատարանին չյանձնեն Օմար Պաշիրը, ապա այս երկիրը խախտած պիտի ըլլայ իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները։ Ասիկա ոչ միայն կը նկատուի արդարադատութեան խոչընդոտում, այլեւ, ինչպէս դրամատուն կողոպտելէ ետք փախուստ տուողին ապաստան տալը կը նկատուի յանցագործութիւն, ազգային օրէնքներու համաձայն՝ այդպէս ալ միջազգային արդարադատութենէն փախչողին ապաստան տալը կը նկատուի յանցագործութեան մեղսակից դառնալ»:
Նոյեմբեր 2009ին Միացեալ Նահանգներու չորս հասարակական կազմակերպութիւններ հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ՝ քննադատելով Օպամայի վարչակազմին կողմէ Սուտանի նախագահին Թուրքիա տուած այցելութեան դէմ չբողոքելու կեցուածքը։ Հասարակական այս կազմակերպութիւնները կը փորձէին երաշխաւորել այն, որ «հետախուզման մէջ գտնուող ռազմական յանցագործը չշարունակէ առանց արգելքի ճամբորդել»:
Միեւնոյն ատեն, Թուրքիոյ վարչապետը ոչ միայն Սուտանի նախագահին արտօնութիւն տուաւ Թուրքիա այցելելու, այլ նաեւ փորձեց քօղարկել անոր յանցագործութիւնները՝ պնդելով, որ «իսլամները ցեղասպանութիւն չեն կատարեր»։ Կացութիւնը առաւել եւս սրելով՝ Թուրքիա կը շարունակէ մահացու զինամթերք վաճառել Սուտանին՝ օգնելով Պաշիրին, որ աւելի մեծ թիւով անմեղներ սպաննէ։
Թուրքիոյ եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու կողմէ որդեգրուած նման անպատասխանատու վարքագիծին վերջ դնելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նիւթական յատկացումներու կոմիտէն, 17 Մայիս 2012ին որդեգրեց պետական բաժանմունքներու նիւթականին վերաբերող օրէնքի փոփոխութիւն, որով պիտի նուազի մարդասիրական օժանդակութեան չափը այն երկիրներուն, որոնք չեն պահպաներ Միջազգային քրէական դատարանի հրահան-գը։ Քոնկրեսական Ֆրանք Ուոլֆի (հանրապետական-Վըրճինիա) կողմէ ներկայացուած փոփոխութեան նախագիծին մէջ կը շեշտուի, որ Միացեալ Նահանգներ տնտեսական ոչ մէկ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ «որեւէ երկիրի, որ կը հիւրընկալէ Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրը»։
Մինչ զեկուցումներ սկսան շրջան ընելու այն մասին, որ Օպամայի վարչակազմը կը փորձէ խափանել այս օրէնքի նախագիծի որդեգրումը, Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան հարցերով զբաղող 70 առաջատար մասնագէտներ 14 Յունիսին ստորագրեցին միասնական նամակ մը՝ յորդորելով Սպիտակ տունը աջակցիլ Քոնկրեսին կողմէ առաջարկուած փոփոխութեան վաւերացման՝ վերջ դնելով Սուտանի նախագահը հիւրընկալող երկիրներուն աջակցութեան տրամադրումին։ Նամակը ստորագրողներուն շարքին էին Երուսաղէմէն դոկտոր Իսրայէլ Չարնի, Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յիշատակի թանգարանի նախկին նախագահ դոկտ. Իրվինկ Կրինպըրկ եւ «Քլարք» համալսարանի դոկտ. Տեպորա Տուորք:
Մասնագէտներուն նամակը, որուն նախաձեռնած էր Ուաշինկթընի մէջ Տէյվըտ Էս. Ուայմընի անուան Ողջակիզումի ուսումնասիրութեան հիմնարկը, ուղարկուեցաւ նախագահի խորհրդական դոկտոր Սամանթա Փաուըրին, որ կը գլխաւորէ վերջերս ստեղծուած Վայրագութիւններու կանխարգիլման խորհուրդը։ Մասնագէտները անոր յիշեցուցած են, որ «Փիւլիցըր» մրցանակի արժանացած իր «Ը Փրապլըմ ֆրամ հել. Ամերիքա էնտ տը էյճ աֆ Ճենոսայտ» («Դժոխքէն հարց մը. Միացեալ Նահանգները եւ Ցեղասպանութեան Դարը») գիրքին մէջ խրատած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ որդեգրել տնտեսական պատժամիջոցներ՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար։ Նկատի ունենալով, որ առաջարկուած օրինագիծը ճիշդ այդ մէկը կը կատարէ, նամակին տակ ստորագրող 70 մասնագէտները յոյս յայտնեցին, որ Փաուըր եւ Սպիտակ տունը կ՛աջակցին քոնկրեսական Ուոլֆի կողմէ առաջադրուած օրէնսդրական փոփոխութեան՝ յատկապէս Ներկայացուցչական տան եւ Ծերակոյտին միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին։
Այնուամենայնիւ, կասկածելի է, որ Սամանթա Փաուըր արտայայտուի յօգուտ այս փոփոխութեան։ Արդարեւ, Սպիտակ տան մէջ աշխատանքի ընդունուելէ ետք, ան հեռու կը մնայ նման հարցերէ, որոնց մասին համարձակօրէն կը խօսի իր գիրքին մէջ։ Ան նաեւ լուռ կը մնայ նախագահ Օպամայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով տրուած, սակայն չկատարուող խոստումներուն առնչութեամբ։ Նախորդ նախագահական ընտրարշաւի ընթացքին Փաուըր քանի մը անգամ կոչ ուղղեց ամերիկահայերուն՝ աջակցելու Պարաք Օպամայի։ Ան հանդիսաւորապէս խոստացաւ, որ նախագահ Օպաման ընտրուելէ ետք պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Մինչ այդ, ամերիկահայերը ոչ մէկ լոպպիստական աշխատանք կը կատարեն այս կարեւոր օրինագիծի որդեգրման ուղղութեամբ, քանի որ, հաւանաբար, անոնք տեղեակ չեն Քոնկրեսին մէջ անոր ներկայացուած ըլլալէն։ Հայ մասնագէտները եւս դուրս մնացած են այս հարցէն, քանի որ ոչ ոք կը փորձէ անոնց աջակցութիւնը ձեռք բերել։
Քոնկրեսական Ուոլֆի օգնականը այս յօդուածի հեղինակին տեղեկացուց, որ քոնկրեսականը շատ պիտի գոհ ըլլայ, եթէ ամերիկահայ համայնքը աջակցի վաւերացնելու այս օրինագիծը, որ պիտի զգուշացնէ Թուրքիան եւ այլ երկիրներ՝ Պաշիրը գրկաբաց ընդունելէ, եւ պիտի քաջալերէ զանոնք արդարադատութեան յանձնելու այս յանցագործը։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ