ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխան Քատիր Կէօքմեն բողոքած է կրթութեան նախարարութեան դէմ, որ արտօնութիւն տուած է հրատարակելու հակահայ նիւթեր պարունակուող ու Եունուս Զէյրեքի հեղինակած «Փակենք այս թղթածրարը՝ Հայկական Հարցը» հատորը:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ Կէօքմեն նշած է, թէ սոյն հատորին միջոցաւ հայերու հանդէպ ատելութիւն կը սերմանուի:
Ի պատասխան մեղադրանքներուն՝ նախարարութիւնը յայտարարած է, որ գիրքին հրատարկումով մտադիր չէր ոեւէ մէկը թիրախ դարձնել:
Պոլսոյ դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն ձրիաբար բաժնուած հատորին մէջ կան Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը հերքող նիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ հայերու նկատմամբ վիրաւորական արտայայտութիւններ:
Հատորին մէջ նշուած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հայերէն ներողութիւն խնդրելու շարժումի մասնակիցներուն անունները, որոնք «մեր մէջի սատանաները» որակուած են:
Գիրքի տպագրութեան կապակցութեամբ արդէն իսկ հետաքննութիւն սկսած է: