(Խմբագրական «Առաւօտ»ի – 10 Յուլիս 2012)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Հարսնաքար»ի ողբերգական ոճիրին յաջորդած Հայաստանի ներ–քաղաքական մթնոլորտին վերաբերեալ, ենթախորագրով մէջբերուած իր ընդհանրացումով, «Առաւօտ» թերթին գլխաւոր խմբագիրը մատը կը դնէ վէրքի մը վրայ, որ միայն այս օրերուն յատուկ չէ եւ կրնայ ախտանշական ըլլալ՝ քսանամեակէ մը ի վեր մեր երկիրն ու հասարակութիւնը յուզող քաղաքացիական խոր տագնապը բնութագրելու առումով։

Խօսքը կը վերաբերի վերանկախացեալ Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին բնորոշ այն երեւոյթին, որ պետական–կառավարման համակարգին նկատմամբ քաղաքական ու քաղաքացիական ակնյայտ անտարբերութիւնն է մեր հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան մօտ։
Ա՛յն աստիճան, որ Արամ Աբրահամեան իրաւացիօրէն կ՛ընդհանրացնէ, թէ Հայաստանի մէջ քաղաքականօրէն եւ քաղաքացիական շարժումի առումով աշխոյժ ու գործունեայ է մեր հասարակութեան «ճնշող փոքրամասնութիւն»ը միայն։
Մինչդեռ դէպի իրաւական պետութիւն, քաղաքացիական հասարակութիւն եւ ժողովրդավարութիւն վարչակարգային շրջադարձը, իրապէս կայանալու եւ ամրանալու համար, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, պէտք ունի մեր հասարակութեան ճնշող մեծամասնութեան «ակտիւութեան»
Ի վերջոյ ժողովրդավարութիւնը պետական կառավարման այլ համակարգերէ կը զատորոշուի յատկապէս իր այն արժանիքով, որ իշխանութիւնը՝ ամբո՛ղջ իշխանութիւնը ժողովուրդին յանձնելու ձգտումը ունի։
Աւելին. իրաւ ժողովրդավարութեան կայացման համար անհրաժեշտ պայման են, բայց ինքնին բաւարար չեն ազատութիւնն ու արդարութիւնը, իրաւահաւասարութիւնն ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը։
Լիարժէք ժողովրդավարութիւնը կ՛արմատաւորուի միայն այն հասարակութեանց մէջ, ուր իշխանութիւնը՝ ամբո՛ղջ իշխանութիւնը ժողովուրդին յանձնելու ձգտումը իր հունով կ՛առաջնորդէ տուեալ երկրի, ժողովուրդի ու պետութեան քաղաքակրթական ողջ յառաջխաղացքը։
Իսկ ժողովուրդը իրապէս իր պետութեան տէր դարձնելու եւ ամէն իշխանութեան օրինականութիւնը նոյնինքն ժողովուրդէն ստանալու համար, տեւաբար կատարելագործման կը կարօտին կառավարման համակարգին մէջ հասարակութեան լայն մեծամասնութիւնը մասնակից դարձնելու եւ, այդ ճամբով, քաղաքացիական մասնակցութեան վճռորոշ նշանակութիւնն ու արժէքը ամրապնդելու միջոցները՝ օրէնքներն ու զանոնք գործադրող կառոյցները։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրը, հետեւաբար, յաղթահարումն է նախ խորհրդային անցեալէն վերապրած իշխանապետական ժառանգութեան եւ, ապա, սանձազերծումն է լիարժէք ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ շարժելու ձգտումին՝ քայլ առ քայլ ձերբազատուելով ժողովրդավարական արժէքներու եւ կարգերու նմանակման փորձութիւններէն։
Այդ առումով բնական էր ու հասկնալի անբաւարարուածութեան այն զգացումը, որ համակեց մեր հասարակութիւնը՝ ի տես «Հարսնաքար»ի մէջ պատահած ողբերգութեան ու յանցագործութեան պատասխանատուները, այլ մանաւանդ նոյնինքն օրէնքէն վեր ապրող իշխանաւորներու անպատկառ վարքուբարքը իբր թէ պատժելու նախագահական իշխանութեան գտած «իրաւական» ու «քաղաքակիր»չ ելքին, որ Ռուբէն Հայրապետեանի հրաժարումը կամ հրաժարեցումն էր… պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն։
Բայց դժուար է ըսել, թէ մեր հասարակութիւնը ի՞նչ տոկոսով ընդվզեցաւ ինչպէս գործուած ոճիրին, այնպէս եւ ամբողջ ողբերգութիւնը յանձանձելու իշխանութեանց երեւութապէս «իրաւապահական» վարքագծին դէմ, որ մեղմ ըսած՝ իրաւապահութեան նմանակումէն անդին չանցաւ։
Եթէ ընդվզումը համակած ըլլար հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը եւ եթէ քաղաքացիական ընդվզումը քաղաքական բողոքի ծաւալուն ալիք մը բարձրացուցած ըլլար, մենք այս օրերուն կ՛ունենայինք ամրան ինքնին տաք եղանակը շիկացնող «քաղաքական ամառ» մը, որ տաքը տաքին երկաթը ծեծելով՝ կրնար դարբնել կանխարգելիչ զսպաշապիկը իշխանաւորներու արդէն անհանդուրժելի դարձած սանձարձակ յանցագործութեան եւ անպատժելիութեան։
Բայց միայն գործունեայ՝ ճնշող փոքրամասնութիւնը բողոքի ալիք բարձրացուց, ինչ որ կրնար նաեւ անտեսուիլ բարձրագոյն մակարդակի իշխանութեանց արհամարհանքով, եթէ մէկ կողմէ նախագահական ընտրապայքարի տարին թեւակոխած չըլլայինք, իսկ միւս կողմէ մեծ պետութեանց դիտարկու աչքերը խստօրէն հասկցուցած չըլլային մեր իշխանութեանց, որ նման յանցագործութիւններ չեն կրնար անպատիժ անցնիլ ժողովրդավար կարգերու տակ, նոյնիսկ եթէ – եւ մանաւա՛նդ – պատասխանատուն հանրապետութեան նախագահին ղեկավարած կուսակցութեան առաջնային դէմքերէն է։
Կասկածէ վեր է, անշուշտ, որ մեր հասարակութեան ճնշող մեծամասնութեան մօտ, վերանկախացման տարիներուն, չկար այս աստիճան անտարբերութիւն։ Ընդհակառակն՝ Արցախեան Շարժման առաջին քայլերէն սկսեալ մինչեւ 1896ի նախագահական ընտրութիւնները, մեր հասարակութեան տիրական մեծամասնութիւնը գործունեայ էր եւ աշխոյժ այն աստիճան, որ օրուան իշխանութիւնները զինու զօրութեան սպառնալիքով կը փորձէին զսպել ժողովրդային ընդվզումներն ու բողոքի պոռթկումները։
Մերօրեայ շեշտակի անտարբերութիւնը հետեւանքն է կառավարման այս իշխանապետական համակարգին, որ իրաւականօրէն անյաջող նմանակումն է ժողովրդավարական կարգերու մէջ ալ ընդունուած նախագահական կառավարման համակարգերուն, բայց որ իր էութեամբ եւ վարքագծով՝ իւրայատուկ մէկ դրսեւորումն է «հայավարի» ամբողջատիրութեան։
Թէ՛ իշխանութեանց մակարդակին տիրող նմանակումի այսօրուան մշակոյթը, թէ՛ հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը վարակած «անտարբերութիւն»ը թերեւս որոշ առումով կը սերին Պարոնեանի ձաղկած հայու օտարամոլութենէն ու եսապաշտութենէն։ Բայց հայու ազգային ինքնութեան արժեչափով, ըստ ամենայնի, դրսեկ ու ներածուած մշակոյթ են, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին ինչպէս եկող–գացող նախագահներու եւ անոնց վարչախումբերու ջանքերով, նոյնպէս ալ ընդդիմադրութեան մեղքով այլեւս արմատ նետած է։
Այո՛, նաեւ ընդդիմադրութեան մեղքով այս աստիճան անտարբեր դարձած է մեր հասարակութեան լայն մեծամասնութիւնը, որովհետեւ ոչ միայն պետական վարչամեքենային, այլեւ հասարակական կազմակերպութեանց ու որոշապէս քաղաքական կուսակցութիւններու մակարդակին արդէն սկսած է նուիրագործուիլ ճնշող՝ գործունեայ փոքրամասնութեան… «իշխանապետական» դերակատարութիւնը։
Զարմանալի չէ, հետեւաբար, որ նախագահական ընտրապայքարի տարուան սկզբնական այս փուլին, ինչպէս իշխանաւոր Հանրապետական կուսակցութեան, այնպէս ալ ընդդիմադիր դաշտին մէջ յայտնուած կուսակցութեանց կեանքէն ներս, նկատառելիօրէն թափ առած է ղեկի վրայ գտնուող փոքրամասնութեանց աշխուժութիւնը՝ սեփական դիրքերու պահպանման ու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Ո՛չ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած նախագահական կուսակցութիւնը ի վիճակի է նոր դէմքերով ընդլայնելու իր այսպէս կոչուած «ժողովրդային խարիսխ»ը, ոչ ալ ծանր պարտութեան մատնուած ընդդիմադիր կուսակցութեանց պարագային նկատելի է ժողովրդավարական տարրական կանոնին յարգումը, ուր ձախողած քաղաքականութեան համար պատասխանատուները կամովին ղեկավարութիւնը կը յանձնեն նորերու՝ վաղուան աւելի աշխոյժ եւ կենսունակ մրցապայքարի յոյսը վառ պահելու համար։
Աւելիով ծանրակշիռ դժբախտութիւնը այն է, որ երկուստեք՝ թէ՛ իշխանութեան, թէ՛ ընդդիմադրութեան մակարդակին, բացառութիւնները յարգելով հանդերձ, մեր հասարակութեան աշխոյժ եւ գործունեայ մասը «ճնշող փոքրամասնութիւն» մըն է, որ ղեկավարման մենաշնորհ հաստատած է ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տնտեսական մարզերէն ներս։
Քսանամեակ մը առաջ Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը ղեկավարած եւ այսօր օրէնքէն փախստականի կեանք ապրող Վանօ Սիրադեղեանը ատենին յոխորտացած» էր, թէ մեր երկրին օրինական իշխանութիւնը սերտաճած է ստուերային տնտեսութեան հետ…
Պարզ ու հասկնալի՝ քաղաքական իշխանութիւնը աղբիւր դարձաւ տնտեսական ուժի կուտակումին, իսկ այս վերջինը անմրցելի լծակ ծառայեց օրինական իշխանութեան առանձնաշնորհումին։
Այդ հիման վրայ է, որ Արցախեան Շարժման առաջին իսկ քայլերէն մեր երկրի առանձնաշնորհեալ նոր դասակարգը կազմելու նկրտումով փողոց նետուած «ակտիւիստներ»ը, այսօր, պետական տարողութեամբ օրինական իշխանութիւն եւ անմրցակից տնտեսութիւն ստեղծած են, որոնք հնարաւորութիւնը կ՛ընձեռեն իրաւական պետութեան, քաղաքացիական հասարակութեան եւ ժողովրդավարական կառավարման նմանակումը հրամցնելու նախ մեր ժողովուրդին, ապա եւ արար–աշխարհին։
Օտարը հաւանաբար աչք կը գոցէ հրամցուածին կեղծ ըլլալուն վրայ։ Բայց մեր հասարակութիւնը, անտարբերութիւնը ընտրած իր ճնշող մեծամասնութեամբ իսկ, դժուար թէ կարենայ այսպէս անվերջ կուլ տալ իրեն հրամցուող լեղի պատառները, որոնք ժողովրդավարութեան հետ աղերս ունին միայն իրենց… շաքարապատումով։
Այլապէս իբր թէ ժողովրդավարական, բայց որակապէս խառնածին այս կարգերուն տակ, իշխանութիւն ըլլայ թէ ընդդիմադրութիւն, մեր հասարակութեան ճնշող փոքրամասնութիւնը կազմող «ակտիւ»՝ գործունեայ մասը ի՛նք կը ճշդէ վաղուան յոյսը ջլատող խաղն ալ, խաղականոններն ալ…