Պատմական անցեալ մը չունի այս տօնը. սակայն խորիմաստ է անոր նպատակը՝ մեծարել հայրութեան արժանաւորութիւնը: Ողջ քաղաքակիրթ աշխարհը իր յարգանքը կ՛ընծայէ բոլոր հայրերուն, իսկ զաւակներ խոր ակնածանքով եւ անվերապահ երախտագիտութեամբ իրենց յարգանքի տուրքը կը վճարեն հայ հօր:
Այս գաղափարէն մէկնելով՝ Շաբաթ, 26 Յունիս 2012ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընտանեկան հաւաքոյթ մը՝ Մայտա Շահինեանի բնակարանին մէջ, ի պատիւ հայրերուն:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մայտա Շահինեանը, որ շնորհաւորելով բոլոր հայրերը՝ ըսաւ. «Սիրելի հայրեր, ջերմապէս կը շնորհաւորեմ ձեզ այս ուրախ առիթով եւ կը մաղթեմ, որ յաւիտեան անսասան մնաք ձեր հայրենի տան վրան… ձեր հայկական բոյները միշտ օժտուին Աստուածային լի օրհնութիւններով եւ յաջողութեան լոյսը յարատեւօրէն ճառագայթէ ձեր տան երկնակամարին վրայ: Ան բարի մաղթանքներով եւ ուրախ տրամադրութեամբ ներկայացուց յայտագիրին իւրաքանչիւր մասը՝ ստեղծելով ջերմ մթնոլորտ:
Ապա խօսք առաւ մասնաճիւղի ատենադպրուհին Հռիփ Տօլմաճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար, դիտել տալով, որ ՀՕՄը կանգուն կը մնայ շնորհիւ իր անդամներուն ու անոնց ընկերակցող գիտակից ամուսիններուն եւ ընտանիքներուն, որոնք միշտ քաջալեր կը հանդիսանան եւ զօրավիգ կը կանգնին իրենց կիներուն: Ընկերուհին բարի ժամանց մաղթեց ներկաներուն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Շահինեան ընտանիքին՝ ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ շուրջպարով, խմբային եւ անհատական երգերով, բարի մաղթանքներով եւ ներկաներու բարձր տրամադրութեամբ:
Յայտագիրը նաեւ կ՛ընդ-գրկէր օրուան Բախտաւոր Հօր ընտրութիւնը, որ վիճակուեցաւ ներկաներէն Յակոբ Մեծաչեանին:
Յայտագիրի վերջին բաժինը կ՛ընդգրկէր մասնաճիւղի Տարուան Հօր մեծարումը. ուստի, ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցաւ 2011-2012 Տարուան Մասնաճիւղի Հայրը՝ Սարգիս Մանուկեանը, ստանձնելու համար մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած յատուկ յուշանուէրը, որ փոխանցուեցաւ ատենապետուհիին ձեռամբ:
Ատենապետուհին շնորհակալական յատուկ խօսք փոխանցեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք ինչպէս միշտ, իրենց լուման չխնայեցին յանուն մասնաճիւղի յառաջընթացին: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան մթնոլորտը ճոխացնող DJ-ին՝ Աւետիս Տապպաղեանի, եւ Տարուան Հօր՝ Սարգիս Մանուկեանի զաւակներուն՝ Աւոյին, Ժագին, Լուսինին, եւ սիրելի կնոջը՝ Արաքսիին, որոնք ընդառաջելով վարչութեան խնդրանքին՝ ընթացք տուին, որ իրենց սիրելի հայրը ըլլայ «Մասնաճիւղին 2012ի Հայրը»:
Շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղուեցաւ բոլոր ներկաներուն, որոնք արժեւորեցին ընտանեկան սոյն մտերմիկ երեկոն: Ապա օրուան խորհրդանշանը հանդիսացող կարկանդակը հատեցին Սարգիս եւ Արաքսի Մանուկեանները:
Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ վերջ գտաւ օրուան հաւաքոյթը:
Վարձքը կատար նուիրուած վարչական կազմին:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան բոլոր ծրագիրներուն, եւ մեր կարգին բարձրաղաղակ կ՛ըսենք՝ Երկա՜ր եւ առողջ ապրին բոլո՛ր հայ հայրերը:
(Թղթակցութիւնը՝ Մասնաճիւղէն)