Արդէն երկու տարիէ Ռուսիոյ մէջ գործող միակ հայկական պատկերասփիւռի կայանը՝ TV ARM.ru-ն, որ ունի երիտասարդական եւ մշակութային ուղղուածութիւն, պիտի ունենայ նաեւ լրատուական հաղորդումներ։
Շուրջ 4 միլիոն հաշուող ռուսալեզու ունկնդիրները պիտի կարենան տեղեկութիւններ ստանալ Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին: Լրատուական բաժինը պիտի սփռուի օրական 3 անգամ, իսկ պիտի կրկնուի 10 անգամ:
Յատկանշական է այն, որ օրուան ընթացքին տեղեկագրութիւններ պիտի սփռուին նաեւ Արցախի հասարակական, քաղաքական կեանքին մասին: 1 Օգոտսոսէն կը սկսի անոնց սփռումը։ Կը նախատեսուի նաեւ, որ հետագային Արցախի մասին առանձին լրատուական հաղորդում տրուի:
Այս քայլին նախաձեռնողները կը նշեն, որ այդպիսով Արցախի մասին տեղեկատուական մեկուսացումը կը ճեղքուի: